2013-11-30 11:57:43

Զրոյց Քսանվեցերորդ – Գլուխ Բ. ­ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ ՅԻՍՈԻՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄԻԱԾԻՆ ՈՐԴՒՈՅՆ (5)


Հարցում թիւ 86. Ինչու՞ Յիսուս հասարակական կեանք չունեցաւ երեսուն տարուայ ընթացքին։
Յիսուս ուզեց բաժնեկից ըլլալ մեր բնական կեանքին, այս կերպով ան ուզեց սրբացնել մեր առօրեայ կեանքը։
Յիսուս երեխայ մը եղաւ որ ստացաւ իր ծնողքին սէրը եւ անոնց միջեւ աճեցաւ։ Ան կը յառաջանար գիտութեամբ, հասակով եւ շնորհքով Աստուծոյ եւ մարդոց առջեւ (Ղուկաս 2,52)։ Ան մաս կը կազմէր հրեայ գիւղական հասարակութեան մը եւ կը մասնակցէր կրօնական արարողութիւններուն։ Սորվեցաւ արհեստ մը, ուր ան կատարեց իր փորձերը. Այս բոլորը, որովհետեւ Յիսուս ուզեց ծնանիլ եւ մեծնալ մարդկային ընտանիքի մը մէջ. Ընտանիքը վայր մըն է ուր Աստուած կը բնակի եւ օրինակ մը` հասարակական կեանքի, ուր կարելի է գտնել օգնութիւն եւ օժանդակութիւն։

Հարցում թիւ 87. Ինչու՞ Յիսուս մկրտուեցաւ Յովհաննէսէն, հակառակ որ մեղք չունէր։
Մկրտուիլ կը նշանակէ ջուրի մէջ թաթխուիլ։ Իր մկրտութեամբ` Յիսուս թաթխուեցաւ համայն մարդկոթեան մեղանչական պատմութեան մէջ։ Ասով ան մեզի տուաւ նշան մը. Ազատելու համար մեզ մեր մեղքերէն, օր մը ան պիտի թաթխուի մահուան մէջ, որպէսզի դարձեալ արթննայ կեանքին, իր Հօր զօրութեամբ։
Մեղաւորներ ­ զինուորներ, գէշ կեանք ապրող կիներ, մաքսաւորներ ­ կու գային Յովհաննէս մարգարէի`մկրտչին մօտ, որովհետեւ հետամուտ էին զղջումի մկրտութեան մը, մեղքերու քաւութեան համար (Ղուկաս 3,3)։ Իրականութեան մէջ` Յիսուս պէտք չունէր այս մկրտութեան, որովհետեւ առանց մեղքի էր. Բայց որովհետեւ ան ենթարկուեցաւ այս մկրտութեան, այդ կը նշանակէ երկու բան. Յիսուս ինքիր վրայ կը բերցնէ մեր մեղքերը, ապա` իր մկրտութիւնը կը կանխէ իր չարչարանքներն ու յարութիւնը։ Այն ժամուն որ կու տայ նշանը թէ պատրաստ է մեռնելու մեզի համար, երկինքը կը բացուի. ՙԴուն ես իմ սիրեցեալ Որդիս՚ (Ղուկաս, 3,22)։

Հարցում թիւ 88. Ինչու՞ Յիսուս ենթարկուեցաւ փորձութեան. Կարո՞ղ էր ան իարպէս փորձուիլ։
Այն վայրկեանէն որ Յիսուս իսկական մարդկային բնութիւն առաւ, ան ենթակայ եղաւ փորձութեան։ Իրմով մենք չունինք փրկիչ մը որ անկարող ըլլայ հասկնալու մեր տկարութիւնները, ինք, որ ամէն ինչի մէջ փորձուեցաւ, մեզի նման, բացի մեղքէն։ (Եբրայեցւոց, 4, 15)։

Հարցում թիւ 89. Որու՞ն Յիսուս կը խոստանայ ՙԱստուծոյ Արքայութիւնը՚։
Աստուած կ՛ուզէ որ բոլոր մարդիկը փրկուին եւ հասնին ճշմարտութեան գիտութեան (Ա. Տիմոթէոս, 2,4)։ ՙԱստուծոյ Արքայութիւնը՚ կը սկսի անոնց մօտ որ յանձն կ՛առնեն կերպարանափոխուելու Աստուծոյ սիրով։ Յիսուս կը սորվեցնէ մեզի թէ նախ եւ առաջ նկատի կ՛առնուին աղքատներն ու փոքրերը։
Նոյնիսկ այն անձերը որոնք հեռու են Եկեղեցիէն կը հիանան այն իրողութեան վրայ որ Յիսուս, նախապատուեալ սիրով, նախ իր ակնարկը կ՛ուղղէ դէպի անոնց որոնք ընկերութեան լուսանցքին վրայ են։ Լերան քարոզին մէջ` աղքատները, տառապողները, հալածանքի եւ բռնութեան զոհերը, բոլոր անոնք որոնք հետամուտ են զԱստուած փնտռելու մաքուր սրտով, անոնք որ կը հայցեն իր ողորմութիւնը, իր արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը, նախապատւութիւնն ունին Աստուծոյ Արքայութիւնը մտնելու։ Նոյնիսկ մեղաւորները առանձնաշնորհումը կը ստանան յատուկ հրաւէրի մը. ՙԱռողջ մարդիկը չեն որ պէտք ունին բժիշկի, այլ հիւանդները. Ես եկած եմ կոչելու ոչ թէ արդարները, այլ մեղաւորները։՚ (Մարկոս, 2,17)։








All the contents on this site are copyrighted ©.