2013-11-30 11:57:54

Զրոյց Քսան­ութերորդ – Գլուխ Բ. ­ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ ՅԻՍՈԻՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄԻԱԾԻՆ ՈՐԴՒՈՅՆ (7)


Հարցում թիւ 93. Ի՞նչու Յիսուս այլակերպեցաւ Թափօր լերան վրայ։
Իր երկրաւոր կեանքի ընթացքին արդէն` Հայրը ուզեց յայտնել աստուածային վսեմութիւնը իր Որդւոյն։ Յիսուսի պայծառակերպութիւնը պիտի օգնէ յետագային իր աշակերտները` հասկնալու իր մահն ու յարութիւնը։
Երեք աւետարաններ կը նկարագրեն այս դէպքը, թէ ինչպէս, լերան մը գագաթին վրայ, Յիսուս սկսաւ պայծառանալ իր աշակերտներուն առջեւ, ան այլակերպեցաւ։ Երկնաւոր Հօր ձայնը կու տայ Յիսուսի սիրեցեալ Որդի տիտղոսը եւ կ՛աւելցնէ թէ հարկ է մտիկ ընել իրեն։ Պետրոս ուզեց երեք վրաններ շինել այս պահը երկարելու համար։ Սակայն Յիսուս յառաջանալու էր դէպի իր չարչարանքները. Փառքի այս տեսիլքի նպատակն էր աւելի զօրացնել իր աշակերտները։

Հարցում թիւ 94. Երբ Յիսուս Երուսաղէմ մտաւ, գիտէ՞ր արդեօք թէ պիտի մեռնէր։
Այո՛. Յիսուս երեք անգամ աւետեց իր չարչարանքներն ու մահը նախ քան ուղղուիլը գիտակցաբար եւ կամաւորապէս դէպի իր չարչարանքի վայրը (Ղուկաս, 9,51)։

Հարցում թիւ 95. Ինչու՞ Յիսուս ընտրեց հրէական Զատկի տօնը իր մահուան եւ յարութեան համար։
Յիսուս ընտրեց իր ժողովուրդի` Իսրայէլի Զատկի տօնը որպէս խորհրդանիշ այն դէպքին զոր պիտի իրագործէր իր մահուամբ եւ յարութեամբ։ Այնպէս ինչպէս Իսրայէլի ժողովուրդը ազատեցաւ Եգիպտոսի գերութենէն, նոյնպէս ալ Քրիստոս մեզ ազատեց մեղքի գերութենէն եւ մահուան զօրութենէն։
Զատկուայ տօնը կը յիշատակէ Իսրայէլի ազատումը Եգիպտոսի գերութենէն։ Յիսուս Երուսաղէմ գնաց որպէսզի աւելի խոր կերպով մեզ ազատագրէ։ Իր աշակերտներուն հետ կատարեց զատկական ընթրիքը, բայց փոխանակ զոհելու աւանդական զատկական գառնուկը, ան ինքզինք նուիրեց որպէս զոհաբերումի գառնուկ։ Մեր Զատիկը, նոյնինքն Քրիստոս` զոհաբերեց իր անձը (Ա. Կորնթացւոց, 5,7), որպէսզի նուիրագործէր, միանգամ ընդ միշտ, վերջնական հաշտութիւնը Աստուծոյ եւ մարդոց միջեւ։

Հարցում թիւ 96. Ինչու՞ դատապարտեցին Յիսուսի նման խաղաղասէր մարդ մը խաչի վրայ մեռնելու։
Յիսուս ստիպեց իր ժամանակակիցները իր մասին վճռական հարցում մը ուղղելու. Կամ Յիսուս կը գործէր աստուածային ամբողջական իշխանութեամբ, կամ ալ խաբեբայ մըն էր եւ հայհոյիչ, մէկը որ կը հակառակէր Օրէնքին, ուստի եւ հարկ է որ ներկայանար ատեանի առջեւ, ըստ Օրէնքին։
Շատ մը տեսանկիւններէ դիտուած` Յիսուսի գործունէութիւնը մեծ մարտահրաւէր մը կը հանդիսանայ իր ժամանակաշրջանի աւանդական հրէական կրօնքին համար։ Ան ներեց մեղքերը, ինչ որ միայն Աստուծոյ կը վերաբերէր, յարաբերական արժէք տուաւ շաբաթ օրուայ հանգիստի օրէնքին, թոյլ տուաւ որ կարծեն թէ հայհոյիչ է եւ իր վրայ հրաւիրեց ամբաստանութիւնը սուտ մարգարէութեան։ Այս բոլոր խախտումներուն համար, հրէական օրէնքը կը սահմանէր մահապատիժը։








All the contents on this site are copyrighted ©.