2013-11-30 11:57:37

Զրոյց Քսան­հինգերորդ – Գլուխ Բ. ­ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ ՅԻՍՈԻՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄԻԱԾԻՆ ՈՐԴՒՈՅՆ (4)


Հարցում թիւ 82. Արդեօք գայթակղեցուցիչ չէ՞ Մարիամի տալ Աստուածամայր տիտղոսը։
Ո՛չ. Մարիամը կոչել Մայր Աստուծոյ` կը նշանակէ խոստովանիլ թէ իր որդին Աստուած է։
Նախնական քրիստոնէութեան օրերուն, երբ վէճեր ծագեցան սահմանելու համար թէ ո՛վ էր Յիսուս, Աստուածամայր տիտղոսը յատկանիշն եղաւ Սուրբ Գրքի ուղիղ մեկնութեան. Մարիամ ոչ թէ աշխարհ բերաւ մարդ մը որ Աստուած եղաւ իր ծնունդէն ետք, այլ` իր արգանդին մէջ արդէն ան կը կրէր մանուկը որ իրապէս Աստուծոյ Որդին էր։ Ուստի վէճը նախ Մարիամի համար չէր, այլ ընդհանրապէս Յիսուսի մասին էր. Կարո՞ղ էր ան ըլլալ միեւնոյն ատեն իրապէս մարդ եւ իրապէս Աստուած։

Հարցում թիւ 83. Ի՞նչ կը նշանակէ Մարիամի Անարատ Յղութիւնը։
Եկեղեցին կը հաւատայ թէ Երանելի Կոյս Մարիամը` իր յղութեան առաջին վայրկեանէն իսկ, շնորհքի ուժով եւ Ամենակարողն Աստուծոյ մասնայատուկ առանձնաշնորհումով, ի պատրաստութիւն Յիսուս­Քրիստոսի` մարդկային ազգի Փրկչի արժանիքներուն, զերծ մնաց սկզբնական մեղքի ամէն արատէ։
Շատ կանուխէն, Եկեղեցւոյ պատմութեան ընթացքին, քրիստոնեաները հաւատացին Մարիամի Անարատ Յղութեան։ Այսօր այս յատկութիւնը լաւ չէ հասկցուած. Իրականին մէջ` ան կը նշանակէ թէ` սկիզբէն ի վեր, Աստուած զերծ կացուց Մարիամը սկզբնական մեղքէն։ Ան կապ չունի Յիսուսի յղութեան հետ` Մարիամի արգանդին մէջ։ Ասիկա արժեզրկում մը չէ երբեք սեռային կեանքին քրիստոնէութեան մէջ, որպէս թէ մարդն ու կինը կրնային ՙարատաւորուիլ՚ երեխայի մը ծնունդ տալով։

Հարցում թիւ 84. Մարիամը միայն գործի՞ք մըն էր Աստուծոյ ձերքին մէջ։
Մարիամ լոկ կրաւորական գործիք մը չէր Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ. Իր գործօն մասնակցութիւնը թոյլ տուաւ որ իրագործուի Աստուծոյ մարդեղութիւնը։
Մարիամ այսպէս պատասխանեց հրեշտակին որ իրեն աւետեց թէ պիտի ծնանէր Բարձրեալի Որդին. ՙԹող ըլլայ ինծի քու խօսքիդ համաձայն։՚ (Ղուկաս, 1,38)։ Մարդկութեան փրկչագործութիւնը Յիսուս­Քրիստոսի միջոցաւ սկսաւ ուրեմն Աստուծոյ մէկ խնդրանքով, ապա` մարդկային անձի մը ազատ հաւանութեամբ եւ յղութեամբ, նախ քան Մարիամի ամուսնոութիւնը Յովսէփի հետ։ Այսպիսի անսովոր ճամբաներով` Մարիամ եղաւ մեզի համար ՙփրկութեան դուռը՚։

Հարցում թիւ 85. Ինչու՞ Մարիամ նաեւ մեր մայրն է։
Մարիամ մեր մայրն է որովհետեւ Քրիստոս, մեր Տէրը, զինք մեզի յանձնեց որպէս մայր։
Կին, ահա որդիդ… ահա մայրդ (Յովհաննէս, 19,27)։ Եկեղեցին միշտ նկատած է այս խօսքերուն իմաստը, զոր Յիսուս խաչի վրայէն ուղղեց Մարիամի եւ այն աշակերտին զոր կը սիրէր, որպէս յանձնումը բոլոր Եկեղեցւոյ` Մարիամի։ Այս կերպով Մարիամ նաեւ մեր մայրը կը հանդիսանայ։ Կրնանք իրեն աղօթել եւ խնդրել իրմէ որ բարեխօսէ մեզի համար Աստուծոյ մօտ։








All the contents on this site are copyrighted ©.