2013-11-30 11:58:00

Զրոյց Քսան­իններորդ – Գլուխ Բ. ­ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ ՅԻՍՈԻՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄԻԱԾԻՆ ՈՐԴՒՈՅՆ (8)


Հարցում թիւ 97. Հրէաները ի՞նչ պատասխանատուութիւն ունին Յիսուսի մահուան նկատմամբ։
Ոչ մէկը կրնայ Հրէաներուն վերագրել հաւաքական պատասխանատուութիւն մը Յիսուսի մահուան վերաբերեալ։ Իսկ ինչ որ Եկեղեցին ճշմարտօրէն կը դաւանի այն է որ բոլոր մեղաւորները յանցաւոր են Յիսուսի մահուան համար։
Սիմէոն Ծերունին նախատեսած էր թէ Յիսուս պիտի հանդիսանար նշան հակառակութեան (Ղուկաս, 2,34)։ Մեծ հակառակութիւն մը տեղի ունեցաւ Յիսուսի դէմ, Հրեայ իշխանութիւններու կողմէ, բայց Յիսուս ունեցաւ նաեւ գաղտնի աշակերտներ փարիսեցիներու միջեւ, ինչպէս Նիկոդեմոս եւ Յովսէփ Արիմաթացի։ Յիսուսի դատաստանին մէջ` զանազան անձնաւորութիւններ եւ հաստատութիւններ, հռովմայեցի ըլլան թէ հրեայ, մաս ունեցան (Կայիափա, Յուդա, Բարձրագոյն Խորհուրդը, Հերովդէս, Պիղատոս)։ Աստուած միայն կրնայ դատել ամէն մէկուն անձնական յանցաւորութեան մասին։ Հաստատումը թէ բոլոր Հրեաները այդ շրջանին, կամ նոյնիսկ այսօրուայ Հրեաները պատասխանատու են Յիսուսի մահուան` անբանական է եւ չի փաստուիր նոյնիսկ Սուրբ Գրական տեսակէտէն։


Զրոյց Քսան­իններորդ – Գլուխ Բ. ­ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ ՅԻՍՈԻՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄԻԱԾԻՆ ՈՐԴՒՈՅՆ (8)

Հարցում թիւ 98. Աստուած կ՛ուզէ՞ր` իր իսկ Որդւոյն մահը։
Յիսուսի բռնի մահը պտուղը չէր ողբերգական դէպքերու դիպուածական հանդիպումին։ Յիսուս մատնուեցաւ աստուածային կանխագիտութեան նախապատրաստուած մէկ ծրագրով (Գործք, 2,23)։ Որպէսզի մենք, մեղքի եւ մահուան զաւակներս, կեանք ունենանք, Երկնաւոր Հայրը, զայն` որ մեղք չէր գործած, մեզի համար մեղք ըրաւ (Բ. Կորնթացւոց, 5,21)։ Սակայն զոհին մեծութեանը զոր Հայրն Աստուած խնդրեց իր Որդիէն, պատասխանեց մեծութիւնը անձնուրացումին Որդւոյն. Եւ ի՞նչ ըսել, Հայր ազատէ զիս այս ժամէն. Սակայն այս ժամուն համար է որ ես եկայ աշխարհ (Յովհաննէս, 12,27)։ Երկու կողմէն ալ կը յայտնուի սէր մը որ իր գերազանց աստիճանին կը հասնի խաչելութեան մէջ։
Մեզ ազատելու համար մահէն` Աստուած կատարեց վտանգալից առաքելութիւն մը. Իր Որդւոյն` Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ, ան ներմուծեց ՙյաւիտենականութեան դարմանը՚ (Ս. Իգնատիոս Անտիոքացի) մեր մահուան աշխարհին մէջ։ Հայրը եւ Որդին անբաժան դաշնակիցներ եղան այս առաքելութեան մէջ։ Բուռն փափաքով լեցուած` եւ մարդոց սիրոյն համար, իրենց վրայ ստանձնեցին ինչ որ ամենադժուարինն էր։ Աստուած առաջարկեց փոխանակութիւն մը ընել մեզ ընդմիշտ ազատելու համար. Ուզեց մեզի տալ իր յաւիտենական կեանքը, որպէսզի մենք կարենայինք ճաշակել իր ուրախութիւնը։ Իսկ Յիսուս ուզեց մեր հոգեվարքը կրել, մեր յուսահատութիւնը, մեր լքուած ըլլալու զգացումը, մեր մահը, որպէսզի կատարելապէս հաղորդակցութեան մէջ ըլլար մեզի հետ, մնալով հանդերձ հաղորդակցութեան մէջ` իր Հօր հետ։ Որպէսզի մեզ սիրէր մինչեւ վերջ եւ նոյնիսկ աւելի ալ անդին։ Քրիստոսի մահը Աստուծոյ կամքին կատարումն է, բայց անոր վերջին խօսքը չէ։ Որովհետեւ Յիսուս մեռաւ մեզի համար. Իսկ մենք, եթէ իր հետ հաղորդակցութեան մէջ մնանք, կրնանք փոխանակել մեր մահը իր կեանքին հետ։

Հարցում թիւ 99. Ի՞նչ պատահեցաւ Վերջին Ընթրիքի պահուն։
Իր մահուան նախօրեակի երեկոյեան` Յիսուս լուաց իր աշակերտներուն ոտքերը. Ան հաստատեց Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդը եւ հիմնեց Նոր Ուխտի քահանայութիւնը։
Յիսուս յայտնեց իր սէրը ամենակատարեալ չափով` երեք ձեւերով. Ան լուաց իր աշակերտներուն ոտքերը եւ յայտնեց թէ եկած էր մեր մէջը` ծառայելու համար (Ղուկաս 22,27)։ Ան նաեւ կանխեց իր ազատարար չարչարանքը, հետեւեալ խօսքերն արտասանելով հացին եւ գինիին վրայ. Ասիկա իմ մարմինս է որ տրուած է ձեզի համար (Ղուկաս, 22,19), հաստատեով այսպէսով Սուրբ Հաղորդութիւնը։ Ի վերջոյ` երբ Յիսուս հրամայեց իր Առաքեալներուն` Ասիկա ըրէք իմ յիշատակիս (Ա. Կորնթացւոց, 11,24), զանոնք կարգեց որպէս Նոր Ուխտին քահանաները։








All the contents on this site are copyrighted ©.