2013-11-30 11:57:49

Զրոյց Քսան­եօթերորդ – Գլուխ Բ. ­ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ ՅԻՍՈԻՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄԻԱԾԻՆ ՈՐԴՒՈՅՆ (6)


Հարցում թիւ 90. Յիսուս իրապէ՞ս հրաշքներ գործած է, թէ պարզապէս բարեպաշտ հեքիաթներ են անոնք։
Յիսուս իրապէս հրաշքներ գործեց, նոյնպէս նաեւ իր աշակերտները։ Նոր Կտակարանի հեղինակները իրական դէպքեր կը պատմեն մեզի։
Ամենահին աղբիւրներն արդէն կը խօսին բազմաթիւ հրաշքներու մասին, որոնք կը հաստատեն Յիսուսի քարոզութիւնը. ՙԻսկ եթէ Աստուծոյ Հոգիով է որ կ՛արտաքսեմ սատանաները, ապա կը նշանակէ թէ Աստուծոյ Արքայութիւնը հասած է ձեր վրայ։՚ (Մատթէոս, 12,28)։ Հրաշքները կատարուեցան ժողովուրդին առջեւ եւ գիտենք նոյնիսկ անունները կարգ մը անձերու որոնք օգտուեցան անոնցմէ. Կոյր Բարթիմէոսը զոր օրինակ (Մարկոս, 10, 46-52), կամ Պետրոսի զոքանչը (Մարկոս, 8, 14-15)։ Ասկէ զատ` հրաշքներ կան որոնք գայթակղութիւն եւ ընդվզում պատճառեցին հրեայ շրջանակին (Անդամալոյծի մը բժշկութիւնը շաբաթ օր մը, կամ բորոտի մը բուժումը զոր օրինակ)։ Եւ սակայն անոնց իրականութիւնը չուրացուեցաւ Յիսուսի ժամանակակից Հրեաներէն։

Հարցում թիւ 91. Ինչու՞ Յիսուս հրաշքներ գործեց։
Յիսուսի կատարած հրաշքները նշաններն էին Աստուծոյ Արքայութեան գալուստին. Անոնք եղան արտայայտութիւնը իր սիրոյն մարդոց հանդէպ եւ հաստատեցին իր առաքելոթիւնը։
Հրաշքներ կատարելով` Յիսուս չներկայացաւ հրապարակին վրայ որպէս կախարդ, ան յայտնեց զօրութիւնը Աստուծոյ փրկչական սիրոյն։ Իր հրաշքներով ան ապացոյց տուաւ թէ ինք Մեսիան է եւ թէ Աստուծոյ Արքայութիւնը սկիզբ կ՛առնէ իրմով։ Ան տեսանելի դարձուց նոր աշխարհի մը գալուստը. Ազատեց ժողովուրդը անօթութենէ (Յովհաննէս 6, 5-15), անարդարութենէն (Ղուկաս, 19,8), հիւանդութենէն ու մահուընէ (Մատթէոս, 11,5)։ Սատանաները դուրս հանելով` նշեց իր յաղթանակը այս աշխարհի իշխանին` այսինքն Սատանային վրայ (Յովհաննէս, 12,31)։ Սակայն Յիսուս չվերցուց այն ամէն ինչ որ գէշ էր ու չար այս աշխարհի վրայ։ Ինչ որ կ՛ուզէր հասկցնել նախ եւ առաջ` մարդոց անհրաժեշտ ազատումն էր մեղքի գերութենէն։ Նոյնիսկ երբ հրաշքներ կը գործէր, ինչ որ առաջնակարգ էր իրեն համար մարդոց հաւատքն էր։

Հարցում թիւ 92. Ի՞նչ նպատակաւ Յիսուս կոչեց առաքեալները։
Յիսուս շրջապատուեցաւ աշակերտներու մեծ խումբով մը, որոնց մէջ կային մարդիկ ու կիներ։ այս խումբին մէջէն` ան ընտրեց տասներկու մարդիկ, զոր կոչեց առաքեալներ. Անոնց տուաւ յատուկ կազմաւորում եւ իրենց յանձնեց զանազան գործեր. Զիրենք ուղարկեց քարոզելու Աստուծոյ Արքայութիւնը եւ հրաշքներ գործելու (Ղուկաս, 9,2). Վերջին ընթրիքին` Յիսուս իր հետն առաւ միայն այս տասներկու առաքեալները եւ իրենց հրամայեց. ՙԱսիկա ըրէք իմ յիշատակիս՚։ (Ղուկաս, 22,19)։
Առաքեալները վկաները հանդիսացան Յիսուսի յարութեան եւ անոր ճշմարտութեան երաշխաւորները։ անոնք շարունակեցին իր գործը անոր մահուընէ ետք եւ իրենց կարգին` ընտրեցին մարդիկ իրենց յաջորդելու համար` Եպիսկոպոսները։ Այսօր տակաւին առաքեալներու յաջորդները կ՛իրագործեն լրիւ այն իշխանութիւնները որ իրենց յանձնուեցան Յիսուսի կողմէն. Կ՛առաջնորդեն, կ՛ուսուցանեն եւ կը ծիսակատարեն։ Առաքեալներու զօդը իրարու հետ եղաւ հիմը Եկեղեցւոյ միութեան (Տես` Առաքելական յաջորդութիւնը)։ Պետրոս կը զանազանուի տասներկուքի մէջէն, որովհետեւ Յիսուս յանձնեց իրեն յատուկ իշխանութիւն մը. Դուն ես վէմ, եւ այդ վէմին վրայ պիտի հիմնեմ իմ Եկեղեցիս (Մատթէոս 16,18)։ Պետրոսի այս յատուկ դիրքին հետեւանքով, առաքեալներու միջեւ` յառաջ եկաւ Սրբազան Պապի պաշտօնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.