2013-11-29 10:47:46

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Յիսուսի ս. ծննդեան ծիսակատարութիւններու յայտագիրը։


Շաբաթ 30 նոյեմբերի երեկոյեան 5,30-ին, երեկոյեան ժամասացութեամբ սկիզբ կ'առնեն ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Յիսնակաց եւ Սուրբ Ծննդեան շրջանի տօնախմբութիւնները։

Յիսնակացի նախօրեակին ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ս. Պետրոսի մէջ կը գլխաւորէ երեկոյեան ժամասացութիւնը ներկայութեամբ Հռոմի համալսարաններու ուսանողներուն։

Յաջորդ օրը, մէկ դեկտեմբերին` Յիսնակացի առաջին օրը, ֆրանչիսկոս Պապը հովուական այցելութիւն կը կատարէ Հռոմի ''Թոր Սաբիէնցա'' կոչուած թաղամասի բնակիչներուն, Ս. Կիւրեղ Աղեքսանդրիացիի նուիրուած եկեղեցւոյ մէջ պատարագ մատուցանեով։ Այցելութեան յայտագիրը կը նախատեսէ նախ հանդիպում հիւանդներուն հետ, ապա 2013-ին կնքուած երախաներուն հետ, հուսկ ապաշխարողներուն խոստովանանքի խորհուրդի մատակարարում։ Սուրբ Զոհի աւարտին Սրբազան Հայրը դրոշմի խորհրուրդը կը մատակարարէ 9 անչափահասներուն։Իսկ Պատարագէն ետք հանդիպում կ'ունենայ ժողովրդապետական հովուական խորհուրդին հետ։ Յայտնենք որ Ս. Կիւրեղ Աղեքսանդրիացիի ժողովրդապետութիւնը հիմնուած է 23 մարտ 1963-ին։ Ներկայիս ժողովրդապետութիւնը կը հաշուէ 7 հազար բնակիչ։

8 դեկտեմբերին` տօն Անարատ Յղութեան ս. Կոյս Մարիամի, ըստ լատինաց, յետմիջօրէի ժամը 4-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, աւանդութեան համաձայն, կ'ուղղուի Հռոմի Սպանիա կոչուած հրապարակը, մեծարելու, հրապարակին կեդրոնը բարձրացած, Անարատ Յղութեան արձանը։ Մի քանի օր ետք` 17 դեկտեմբերին` Ան կը տօնէ իր ծննդեան 77-րդ տարեդարձը։

24 դեկտեմբերին Նորին Սրբութիւնը կը հանդիսապետէ ճրագալոյցի սուրբ Պատարագը ս. Պետրոս Պազիլիքայի մէջ։ Յաջորդ օրը` 25 դեկտեմբերին, տօն մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի ս. Ծննդեան, պատարագին աւարտին Քահանայապետը առաքելական օրհնութիւնը կու տայ Հռոմ քաղաքի ու երկրագունդի բոլոր բնակիչներուն։

31 դեկտեմբերին, ժամը 17-ին, ս. Պետրոս տաճարին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը կը գլխաւորէ երեկոյեան ժամասացութիւնը, որուն աւարտին գոհաբանական աղօթք կը բարձրացնէ առ Աստուած, 2013-ին մարդկութեան շռայլած պարգեւներուն համար։ Աւանդութեան համաձայն այս ծիսակատարութեան աւարտին Քահանայապետը ս. Պետրոսի հրապարակը կ'ուղղուի այցելելու հոն զետեղուած մսուրը, որուն պաշտօնական բացումը կը կատարուի Յիսուսի Ծննդեան գիշերը։

Մէկ Յունուար 2014-ին, խաղաղութեան համաշխարհային օրն է, Սրբազան Քահանայապետը, միշտ ս. Պետրոս տաճարին մէջ, հանդիսաւոր պատարագ կը մատուցէ ներկայութեամբ Վատիկանի մօտ հաւատարամգրուած դեսպաններուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.