2013-11-29 16:27:13

Ֆրանչիսկոս Պապը կը յայտնէ թէ 2015-ին կը նշուի ''կրօնաւորական կեանքի'' տարին։


Ուրբաթ 29 նոյեմբերի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հանդիպում ունեցաւ միաբանութիւններու Ընդհանուր Մեծաւորներու միութեան` 120 անդամներուն հետ, որոնք 27 - 29 նոյեմբեր մասնակցած էին միաբանութիւններու Ընդհանուր Մեծաւորներու 82-րդ ընդհանուր նիստին։
3 ժամ տեւող հանդիպումի ընթացքին` Ֆրանչիսկոս Պապը զրուցեց ներկաներուն հետ, պատասխանելով անոնց ուղղած հարցումներուն, զանազան նիւթերու շուրջ, որոնց շարքին ''կրօնաւորական կեանքի ինքնութիւնը ու անոր առաքելութիւնը'', ''Քահանայական կոչումներու իրավիճակը'', ''եղբայրութիւնը'', ''կղերին եւ Իւրայատուկ եկեղեցիներու միջեւ յարաբերութիւնները'' ու այլ հարցումներ։
Նախ քան հրաժեշտ առնելը Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ներկաներուն տեղեկացուց թէ 2015-ը պիտի ըլլայ ''կրօնաւորական կեանքի'' նուիրուած տարի։








All the contents on this site are copyrighted ©.