2013-11-29 12:49:23

''Քրիստոնեան կը մտածէ Աստուծոյ մտածողութեան համաձայն'' - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը իր քարոզին մէջ։


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը` ուրբաթ 29 նոյեմբերի առաւօտեան, Սիւնհոդոսական Սրահին մէջ, հանդիպում ունեցաւ միաբանութիւններու Ընդհանուր Մեծաւորներու միութեան` 150 անդամներուն հետ, որոնք 27 - 29 նոյեմբեր իրենց վեցամսեայ հաւաքը կազմակերպած էին Հռոմի մէջ։

Իսկ առաւօտեան ժամը 7-ին, Սրբազան Հայրը, Տոմուս Սանդա Մարդայի մատրան մէջ, մատոյց առօրեայ սուրբ պատարագը, որուն ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ, մատնանշեց թէ ''Քրիստոնեան կը մտածէ Աստուծոյ մտածողութեան համաձայն եւ ասոր համար կը մերժէ թոյլ եւ միաձեւ մտածողութիւնը''։ Տէրը - ըսաւ Քահանայապետը - իր աշակերտներուն կը սորվեցնէ հասկնալ ''ժամանակի նշանները'' եւ ով որ Յիսուսի կը հետեւի չի մտածեր միայն խելքով, այլ նաեւ սրտով եւ ''ներքին հոգիով''։
Այն որ Աստուծոյ գործը չի հասկնար` ''հեղգասիրտ եւ անմիտ մարդ է'' - ըսաւ Քահանայապետը - Յիսուս կ՛ուզէ որ մենք հասկնանք թէ ի՞նչ կը պատահի մեր շուրջ, մինչ ''Աշխարհիկ հոգին'' մեզի տարբեր առաջարկներ կը ներկայացնէ, որովհտեւ կ՛ուզէ մեզ` առանց ազատութեան, առանց մտածողութեան եւ միակերպ ճանապարհի վրայ։
Յիսուսէն խնդրենք որ իր լուսաւորիչ Հոգին ուղարկէ, որպէսզի մեր միտքը թոյլ եւ միակերպ չ՛ըլլայ այլ ըլլայ Աստուծոյ մտքին համաձայն` խելքի, սրտի եւ հոգւոյ մտածոյութիւն մը որպէսզի հասկնանք ''ժամանակի նշանները'' եզրափակեց Նորին Սրբութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.