2013-11-29 10:54:11

Վատիկանեան մէկ պատուիրակութիւնը Պոլիս կը մեկնի մասնակցելու Ս. Անդրէաս առաքեալի տօնախմբութեան։


Կ.Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան պաշտպան սուրբ` Ս. Անդրէաս առաքեալի տօնին առթիւ Վատիկանեան մէկ պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ Քրիստոնեաներու միութեան Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` կարտինալ Գիւրտ Գոխի` Պոլիս կը մեկնին մասնակցելու այս առթիւ կազմակերպուած տօնախմբութիւններուն։ Կարտինալը հետը կը տանի ֆրանչիսկոս Քահանայապետի շնորհաւորագիր մը։ Յայտնենք որ Կ.Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութիւնը, ամէն տարի, իր կարգին կը փոխանակէ այցելութիւնը Հռոմ ուղարկելով մէկ պատուիրակութիւն մը ս. Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու տօնին, ամէն տարուայ 29 յունիսին։








All the contents on this site are copyrighted ©.