2013-11-29 10:10:00

Ներսէս Պետրոս ԺԹ.Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը կը դատապարտէ իրանեան դեսպանատան դէմ գործուած ահաբեկչական արարքը


Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ.Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը, Հռոմէն վերադարձին` ուր Վատիկանի մէջ մասնակցած էր Արեւելեան Եկեղեցիներու լիագումար նիստին, եւ Հաւատոյ Տարուայ եզրափակիչ արարողութեան ու Արեւելքի Եկեղեցիներու Հոգեւոր Պետերուն հետ միասին խորհրդակցական հանդիպում ունեցած էր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ, հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունենալով Լիբանանի մօտ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Րոքոն Ապատիին հետ, բուռն կերպով դատապարտեց անցեալ համար 19 նոյեմբերին Ժնահի մէջ գործուած ահաբեկչական արարքը, որուն թիրախը Իրանեան դեսպանատունն էր եւ որ պատճառեց բազմատասնեակ զոհեր ու վիրաւորներ, ինչպէս նաեւ նիւթական ծանր վնասներ։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր խորազգած ցաւակցութիւնները փոխանցեց դեսպանին՝ ահաբեկչական արարքին պատճառած զոհերուն համար, վստահեցնելով որ տմարդի այս արարքը ուղղուած էր ամբողջ Լիբանանին եւ անոր ապահովութեան դէմ։ Հոգեւոր Տէրը ընդգծեց նաեւ օրինական բոլոր միջոցներով նման չարիքներուն առաջքը առնելու անհրաժեշտութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.