2013-11-29 10:10:37

Եւրոպական Միութիւնը Եւ Հայաստանը պատրաստ են «Վերատեսութեան ենթարկելու եւ թարմացնելու» յարաբերութիւններու հիմքերը


Ուրբաթ 29 նոյեմբերին, Վիլնիուսի մէջ տեղի ունենալիք վեհաժողովին իբրեւ արդիւնք ստորագրուելիք հռչակագիրի նախնական բնագիրի Հայաստանի վերաբերող հատուածին մէջ մասնաւորաբար կը շեշտուի Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու ներկայ հիմքերը վերատեսութեան ենթարկելու եւ թարմացնելու անհրաժեշտութիւնը:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի տրամադրութեան տակ յայտնուած փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ կողմերը «կը վերահաստատեն իրենց հաստատակամութիւնը` աւելի զարգացնելու եւ խորացնելու համագործակցութիւնը Արեւելեան գործընկերութեան շրջանակներուն մէջ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բոլոր մարզերուն մէջ»:
Հռչակագիրի նախնական բնագիրին մէջ արտացոլուած է նաեւ Հայաստանի` անսպասելիօրէն Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիրի եւ խոր ու համապարփակ ազատ առեւտուրի համաձայնագիրի կնքումէն հրաժարելու հանգամանքը:







All the contents on this site are copyrighted ©.