2013-11-28 14:54:19

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը։


Հինգշաբթի, 28 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 10,30-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, իր գրասենեակի մէջ ընդունեց` Հաւատոյ Ժողովի կառավարիչը գերապայծառ Կէրարտ Լուտուիկ Միւլլէր, ապա ժամը 11,15-ին յաջորդաբար ընդունեց` Զուիրցերիոյ մօտ առաքելական դեսպան` գերապայծառ Տիէկօ Գաուզէրօ եւ Պոզնիա - Էրծիկովինայի ու Մոնդենէկրոյի մօտ առաքելական դեսպան` գերապայծառ Լուիճի Բէցցուդօ։
Ժամը 11,45-ին, Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Թեզէ Եկեղեցական համամիութենական շարժումի նախագահ` եղբայր Ալոյիս, հուսկ ժամը 12-ին, Գլեմենդինա Սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց միջկրօնական երկխօսութեան խորհուրդի լիանիստ ժողովի մասնակիցներուն որուն բացումը կատարուեցաւ 25 նոյեմբերին եւ որ կ՛աւարտի այսօր (28 նոյեմբեր) յետմիջօրէին եւ որուն նիւթը եղաւ` '' Կրօններու տարբեր աւանդութիւններու անդամներ` քաղաքացիական ընկերութեան մէջ''։

Անոնց արտասանած իր ճառին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը ընդգծեց թէ Կաթողիկէ Եկեղեցին քաջատեղեակ է զանազան կրօններու աւանդութիւններու մարդոց միջեւ յարգանքի եւ բարեկամութեան զարգացումի արժէքին։ Ան ապա անդրադառնալով Վերոյիշեալ Լիանիստ հաւաքի նիւթին`'' Կրօններու տարբեր աւանդութիւններու անդամներ` քաղաքացիական ընկերութեան մէջ'', հաստատեց թէ ''ճշմարտութեան ու սիրոյ հանդէպ բաց վերաբերումին պէտք է յատկանշէ ոչ քրիստոնեայ կրօններու հաւատացեալներու հետ երկխօսութիւնը, հակառակ խոչընդոտներուն եւ դժուարութիւններուն'' (''Աւետարանի Ուրախութիւնը'' առաքելական յորդորագիր թիւ 250)։
Շատ անգամ քաղաքական եւ տնտեսական պատճառներ, կրօնական եւ մշակութային տարբերութիւններու վրայ կը գերիշխեն եւ կը յառաջացնեն անվստահութիւն ու վախ եւ այս վախը կարելի է յաղթահարել միակ ճանապարհով, որ է երկխօսութիւնը եւ բարեկամութեան ու յարգանքով յատկանշուած հանդիպում։

Երկխօսութիւնը չի նշանակեր ինքնութիւնը կորսնցնել եւ ոչ իսկ մեր հաւատքին եւ քրիստոնէական բարոյականութեան փոխզիչումներ կատարել, այս ուղղութեամբ միջկրօնական երկխօսութիւնն ու աւետարանութիւնը իրար զիրար չեն հակասեր այլ իրար կը լրացնեն։ Ոչ մէկ բան կը պարտադրենք եւ ոչ մէկ գաղտնի ռազմավարութեան կը դիմենք մեցի քաշելու համար հաւատացեալները, այլ` ուրախութեամբ եւ պարզութեամբ կը վկայենք մեր հաւատքը ու մեր էութիւնը։ Որովհետեւ եթէ մեզմէ ամէն մին մէկդի դնէ իր հաւատքը, յարաբերութիւնը հարազատ ըլլալէ կը դադրի եւ կեղծ եղբայրութեան մասին կը խօսուի։
Տարբեր կրօնական աւանդութիւններու պատկանող մարդոց միջեւ երկխօսութիւնը կը սատարէ նաեւ յաղթահարելու, աշխարհականացած ընկերութիւններու մէջ, որպէս վտանգ նկատուած, ''կրօնի'' հանդէպ տիրող վախը։
Ապագան - ըսաւ Քահանայապետը - բազմազանութեան համակեցութեան յարգանքի մէջ է, եւ այս ուղղութեամբ Կրօնի ազատութեան ճանաչումը էական կը նկատուի։ Աշխարհի խաղաղութեան կառուցումը այս ճանապարհէն կ՛անցնի, ըսաւ Քահանայապետը խօսքը եզրափակելով, ու ապա շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ յատկապէս Միջկրօնական Երկխօսութեան Խորհուրդի ընծայած ծառայութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.