2013-11-28 15:10:14

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 28 նոյեմբերի Քարոզը։


Կան ''աշխարհային իշխանութիւններ'' որոնք կ՛ուզեն որ կրօնը ըլլայ առանձնական իրողութիւն։ ''Սակայն Աստուած որ յաղթեց աշխարհին, կը պաշտուի մինչեւ վերջ` հաւատարմութեամբ եւ վստահութեամբ'' - ըսաւ Քահանայապետը, այսօր` հինգշաբթի 28 նոեմբերի առաւօտեան, Տոմուս Սանդա Մարդայի մատրան մէջ մատուցած ս. պատարագի ընթացքին իր քարոզին մէջ։
''Աստուծոյ ու չարին միջեւ վերջնական պայքարին մէջ, կայ մեծ վտանք մը, փորձութիւնը զիջելու` շողոքորթներուն առջեւ, որոնք կ՛ուզեն յաղթական հանդիսանալ Աստուծոյ ու Անոր հաւատացեալներուն վրայ։ Յիսուսի պատմութիւնը սակայն մեզի կը փաստէ թէ աշխարհի իշխանը, խաղաղութեան իշխանին Յարութեան դէմ` իր պայքարը կորսնցուց։
Սրբազան Քահանայապետը մատնանշեց ապա թէ ինչպէս ժամանակակից աշխարհականցած ընկերութեան մէջ պայքար կը մղուի ''կրօնի'' դէմ եւ թէ շատ մը քրիստոնեաներու կրած հալածանքները այս իրողութեան փաստն են։
Նորին Սրբութիւնը խրախուսեց հաւատացեալները չվախնալու որովհետեւ '' Աստուած հաւատարիմ ու համբերատար է'' ու Յիսուս Քրիստոսի յաղթանակը մօտալուտ է։ Խնդրենք Աստուծմէ շնորհքը` որպէսզի զինք պաշտենք հաւատարմութեամբ եւ վստահութեամբ ըսաւ Քահանայապետը քարոզին աւարտին։








All the contents on this site are copyrighted ©.