2013-11-28 11:08:28

Պատմական տարեդարձներու շարք մը, Թորոնթոյի մէջ - Գանատա


Նոյեմբեր 23 եւ 24ի շաբաթավերջը Թորոնթոյի Հայ հասարակութեան եւ յատուկ կերպով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն համար լուսաշող առիթ մըն էր ցնծութեամբ տօնելու Պատմական տարեդարձներու շարք մը, որոնք նուիրուած էին՝
Գերյարգելի Հայր Եղիա Ծայրագոյն Վարդապետ Գիրէճեանի Քահանայական ձեռնադրութեան 50-ամեակին
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողկէ Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան քառասուն ամեակին
Արհիապատիւ Հայր Միքայէլ Եպս. Մուրատեանի՝ Առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Գանատայի Հայ Կաթողիկէ Համայնքի, Քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման 25-ամեակին եւ
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ կարուցման 20- ամեակին:
Շաբաթ Երեկոյեան եւ Կիրակի օրուան տօնակարութիւնները կը վայելէյին նախագահութիւնը Արհիապատիւ Հայր Միքայէլ Առաջնորդին, որ յատկապէս ժամանած էր Թորոնթո հովուական այցելութեամբ այս ուրախ առիթներով:
"Le Jardin" շքեղ սրահը յորդած էր բազմութեամբ՝ որոնք ներկայ կը գտնուէին բաժնելու Թորոնթոյի Հայ Կաթողիկէ գաղութին տօնած բացառիկ եւ յատկանշական այս յոբելինական առիթները: Ժամը 8:30 ին Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան ատենապետ եւ հանդիսավար՝ Կիրոյ Շահինեան Բարի Գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ներկայացուց Հայր Եղիայի 50 երկար տարիներու ազգօգուտ եւ առաքելութեամբ բեղուն կեանքը որպէս կղերական եւ ժողովրդապետ, նշելով անոր բարձր նկարագրին գիծերը, եւ իր անզուգական համեստութիւնը: Պրն. Շահինեան Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անունով Գերյարգելի Հայր Գիրէճեանի նուիրեց իր կենսագրականը նկարագրող պղինձեայ քանդակագործ յուշանուէր մը:
Հայր Եղիա խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց նախ Աստուծոյ՝ յետոյ բոլոր ներկաներուն որոնք եկած էին զինք պատուելու: Ան իր խօսքին մէջ նշեց Յիսուն տարիներու իր տարած աշխատանքն ու անխտիր ծառայութիւնը՝ Հայ ազգի, Հայ լեզուի եւ հաւատքի:

Իր խօսքի աւարտին՝ ան յարգանքով եւ երախտիքով բեմ հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նշելով անոր քսան հինգամեայ Քահանայական ձեռնադրութեան տարեդարձը՝ մաղթելով անոր երկարամեայ տարիներ ու յանուն Թորոնթոյի Հայ Կաթողիկէ Համայնքին նուիրեց եպիսկոպոսական բանակէ մը:
Գերապայծառ Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ նշեց թէ ինչպէս Քառասուն տարիներ առաջ Հայր Եղիան եկած էր Գանատայի ափերը միջին արեւելքէն, կազմելու այս եռուն գաղութը, արձանագրելով անցնող տասնամեակներու յաջողութիւններ եկեղեցական, մշակութային, ընկերային եւ կրթական մարզերուն մէջ: Գերապայծառը՝ փոխ առնելով Դանիէլ Վարուժանի խօսքերը բնորոշեց Հայր Եղիայի կեանքը Աստուծոյ այգիին մէջ ծառայող լաւ եւ օրինակելի մշակի տիպարով: Այս առթիւ Գերապայծառը Կրօնական ոսկեայ լանջախաչ մը նուիրեց յոբելեար Ժղողովրդապետ Գերյարգելիին:
Ապա Գերյարգելի Հայր Եղիա եւ Գերապայծառ Սրբազան Հայրը օրհնեցին Ճաշի սեղանը: ճաշկերոյթը շարունակուեցաւ ուրախ մթնոլորտի մը մէջ՝ որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ հանրածանօթ երգիչ Էլի Պէրպէրեանը որ Մոնթրեալէն հրաւիրուած էր այս առթիւ:
Իսկ Կիրակի Նոյեմբեր 24-ի առաւօտուն ժամը 11-ին Թորոնթոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Կամարներուն ներքեւ եւ Հաւատացեալներու հոծ բազմութեան ներկայութեամբ Սուրբ եւ Անմահ պատարագ մատուցեց Գերապայծառ Հայր Միքայէլ Մուրատեան Գանատայի եւ Հիւսիւսային Ամերիկայի Բարեջան Առաջնորդը, որուն ընթացքին Գերյարգելի Հայր Եղիա Ծայրագոյն Վարդապետ Գիրէճեանը կարդաց՝
Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին օրհնութեան գիրը ուղղուած Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ հաւատացեալներուն եւ Հայր Եղիա Գիրէճեանի, ինչպէս նաեւ՝
Ամեն. եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի շնորհաւորագիրը:
Արհի. Առաջնորդ Հայրը, սուրբ Պատարագի աւարտին կատարեց Եկեղեցւոյ 20 ամեակի առթիւ աւագ խորանի նորահաստատ կրանիթեայ երկու թեւերուն օծումը եւ եկեղեցւոյ մայր մուտքի ճակատին զետեղուած կիսակամար կրանիթեայ յուշաքարին օրհնութիւնը: Ապա ներկաները ուղղուեցան Եկեղեցւոյ ներքնասրահը, ուր Տիկնանց Միութիւնը պատրաստած էր շքեղ հիւրասիրութեան սեղան մը:
Կարծես Աստուած իր երկնային բարիքներով ծաղկեցուցած էր այս Շաբաթավերջը:
Թղթակից՝
Ծովիկ Խէյր Այանեան







All the contents on this site are copyrighted ©.