2013-11-28 10:38:37

Արհիապատիւ Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանի՝
Հովուական Թուղթը՝՝։ Հաւատք եւ աւետարանացում


«Դու ես Քրիստոսը՝ կենդանի Աստուծոյ Որդինեւ մենք որո՞ւ երթանք»(Մատթ.16,13-19):
Յիրաւի՝ Պետրոսի պատասխանը կը հաստատէ հետեւեալ իրականութիւնը «եւ Բանն մարմին եղեւ եւ բնակեաց ի մեզ»: Քրիստոս՝ մարմնացեալ Աստուած, եկաւ բնակելու մեր մէջ, ապրելու եւ շալկելու մեր բոլորին ցաւերն ու վիշտերը, բացի մեղքէն, եւ զանոնք դարմանելով, մեզ բարձրացնէր առ Հայր: Հակառակ մեր ոչնչութեան, որուն առջեւ Դաւիթ Մարգարէն զարմանալով կը հարցնէր «ո՞վ է մարդը, որ կու գաս անոր այցելութեան», որովհետեւ Դաւիթ մարգարէն, դիտելով Աստուծոյ մեծութիւնը եւ խոստովանելով մարդկային խեղճութիւնը, հիացումով կը հարցնէր թէ ինչպէ՞ս կարելի էր այս պատահիլ մարդուն համար: Անտարակոյս, մենք եւս, որ Ադամի մեղքի պաճառով դրախտէն արտաքսուած արարածներ ենք, կարող ենք զարմանալ եւ մեր կեանքը քննելով ըսել ո՞վ ենք մենք, որ Աստուած մեզի ղրկէր իր Միածին Որդին: Ո՞ր մէկ երախտագիտական գործին, կամ բարիքին համար, որ կատարած ենք մեր կեանքին մէջ, Աստուած կ’ուզէր մեզ վարձատրել: Այս հարցումներուն պատասխանը կարելի է համառօտել հակիրճ բառերով. Աստուծոյ, մարդուն հանդէպ ունեցած անհուն սէրը, Զինք մղեց ամէն զոհողութեան:
Արդ, եկէք Պետրոս Առաքեալի նման համարձակօրէն գոչենք «Դու ես Աստուծոյ Որդին, այսինքն հաւատալ Քրիստոսի աստուածութեան, որ ունենանք Քրիստոսի մխիթարական պատասխանը Պետրոսին «Երանի՜ քեզի Սիմոն, մարմինը եւ արիւնը չէ որ յայտնեցին քեզի, այլ Հայրս որ երկինքն է» (Մատթ.16,13-19), այսինքն երանի քեզի ով մարդ, որ երկնաւոր Հայրը քեզի յայտնեց այս ճշմարտութիւնը՝ Քրիստոսի աստուածութիւնը, որմէ յետոյ պիտի արժանանանք մաս կազմելու Քրիստոսի հիմնած Նոր Ուխտին՝ Քրիստոսի Եկեղեցիին, որուն գլուխ դրաւ Պետրոս Առաքեալը «եւ ես կ’ըսեմ քեզի դուն ես վէմը, եւ ես այդ վէմին վրայ պիտի շինեմ իմ Եկեղեցիս» (Մաթ.16,18): Քրիստոսի վերոյիշեալ խօսքերուն մէջ, կան երկնային արժէքներ՝ արժանապատուութիւնն ու ազատութիւնը Աստուծոյ որդիներուն, որոնց սրտին մէջ կը բնակի Ս. Հոգին:
Դու ես վէմը եւ անոր վրայ կը հիմնեմ իմ Եկեղեցիս:
Անտարակոյս, Քրիստոսի հիմնած Եկեղեցին, այն ընտրեալ ժողովուրդն է որ Աստուած հրաւիրեց, պատրաստեց ու փրկեց իր Միածին Որդւոյն Ս. Արիւնով: Եկեղեցին հիմնուած է այս խօսքին վրայ. «եւ ես կ’ըսեմ քեզի դուն ես վէմը, եւ ես այդ վէմին վրայ պիտի շինեմ իմ Եկեղեցիս» (Մաթ.16,18): Պետրոս եւ տասներկու առաքեալները, ինչպէս նաեւ իրենց յաջորդները, եղան ոչ միայն հիմերը այս հոգեւոր կարոյցին, այլեւ պարտականութիւնը ունեցան շարունակելու աւետարանացումը Նոր Ուխտին յուշելով հաւատացեալներուն հաւատքի կարեւորութիւնը, խնամելով եւ ծառայելով անոնց հոգիներու փրկութեան աշխատանքին: Առաքեալներու շուրջ կազմուած հասարակութիւնը, որ սկիզբ ունեցաւ Երուսաղէմ, ապա տարածուեցաւ ողջ աշխարհի մէջ, եղաւ թթխմորը Ընդհանրական եկեղեցւոյ:
Պօղոս առաքեալը, կորնդացիներուն ուղղած առաջին թուղթին մէջ, կ’ըսէ թէ «Գալով ինծի, ես առի Տիրոջմէ ինչ որ իմ կարգիս աւանդեցի ձեզի»: (Կորնդ.Ա.11,23-26): Պօղոս որ կը հալածէր Յիսուսի հետեւորդները, կու գայ ապացուցանելու իրենց հաւատքի արժէքն ու կարեւորութիւնը իրենց փրկութեան համար, խրախուսելով զիրենք հաւատքի, այնպէս ինչպէս ինքը՝ Պօղոս հաւատաց Քրիստոսի խօսքին: Ճշմարիտ է, որ Եկեղեցին հիմնուեցաւ Պետրոս առաքեալին անուանումով որպէս առաջին պատասխանատուն իր եղբայրներուն մէջ, սակայն Եկեղեցին հաստատուեցաւ վերջին ընթրիքի պահին, երբ Յիսուս հացը կտրեց ու բաժնեց իր աշակերտներուն « Առէք կերէք.., ապա բաժակը բարձրացուց ու ըսաւ.Այս բաժակը Նոր Ուխտն է իմ արիւնով, ըրէք ասիկա իմ յիշատակին» (Կորնդ.Ա11,25):







All the contents on this site are copyrighted ©.