2013-11-28 10:32:43

«Պէտք Է «Ժընեւ-2»-ը առանց նախապայմաններու գումարել» ըսաւ Լաւրով


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով շեշտեց, որ Սուրիոյ շուրջ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովը պէտք է առանց նախապայմաններու գումարել` նշելով, որ Մոսկուա կը փափաքէր այդ ժողովը աւելի կանուխ թուականի մը գումարել եւ պիտի փորձէ մինչեւ 22 յունուար երկարող ժամանակը օգտագործել տարբեր կողմերու հետ խորհրդակցութեանց համար:Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Դամասկոս կ՛ողջունէ «Ժընեւ-2»-ի թուականի ճշդումը եւ ժողովին պիտի մասնակցի պաշտօնական պատուիրակութեամբ մը:







All the contents on this site are copyrighted ©.