2013-11-27 11:32:36

Ֆրանչիկսոս Քահանայապետը կը հանդիպի խումբ մը հիւանդ մանուկներու


Ֆրանչիկսոս Քահանայապետը կը հանդիպի խումբ մը հիւանդ մանուկներու։

Չորեքշաբթի, 27 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 9,30 ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նախքան սովորական չորեքշաբթի օրուայ ընդհանուր ունկնդրութիւնը, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, հանդիպում ունեցաւ ''Րէթ'' կոչուող ախտանշանէ տառապող 50 մանուկներու հետ։ Յայտնենք թէ այս տեսակ մանկական հիւանդութիւնը կը հարուածէ իգական սեռի պատկանող 10000 -էն մէկը ։
Հանդիպումի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը ըսաւ. ''Յիսուս պահուըտած է հոս, այս մանուկներուն մէջ։ Խորանին վրայ կը պաշտենք Յիսուսի մարմինը, իսկ այս մանուկներուն մէջ կը գտնենք Յիսուսի վէրքերը։ Յիսուս թաքնուած է Սուրբ հաղորդութեան մէջ ինչպէս նաեւ կը գտնուի այս մանուկներու վէրքերուն մէջ։
Այս մանուկները - ըսաւ ապա քահանայապետը - կարիքը ունին ունկնդիրներու։ Ոչ որպէս մամուլի մէջ հրատարակուած լուրերը որ կրնան տեւել մէկ, երկու կամ երեք օր, ու ապա ուրիշ լուրեր զանոնք կը փոխարինեն.... Այս մանուկները կարիքը ունին Քրիտոնեայ կոչուող ունկնդիրներու։
Յայտնենք որ Քահանայապետը անցեալ 4 հոկտեմբերի Ասսիզիի մէջ եւ 31 մայիսին Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ այլ հանդիպումներ ունեցած էր ''ծանր ախտէ'' տառապող մանուկներու հետ։







All the contents on this site are copyrighted ©.