2013-11-27 09:56:06

Քրեմլին Ուքրանիոյ պատճառով Ռուսիոյ հասցէին Եւրոպական Միութեան ուղղած մեղադրանքները անհիմն կը նկատէ


«Վրեմիա» կը գրէ, որ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով երեքշաբթի օր յայտարարած է, որ Քրեմլինի մէջ անհիմն կը նկատեն Ուքրանիոյ պատճառով Ռուսիոյ հասցէին Եւրոպական Միութեան ուղղած մեղադրանքները: «Որեւէ ճնշումի մասին խօսիլը անտեղի է», ըսած է Փեսքով:
Յիշեցնենք, որ Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիրը ստորագրելու նախապատրաստական աշխատանքները կասեցնելու Ուքրանիոյ որոշումը Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ սուր արձագանգի արժանացած էր: Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Քարլ Պիլտթ յայտարարած էր, որ Քիեւը «անսպասելի կերպով խոնարհեցաւ» Քրեմլինի առջեւ, ուր «ակնյայտօրէն կ՛աշխատի դաժան ճնշումներու քաղաքականութիւնը»: Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Հերման վան Ռոմփոյ եւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժոզէ Մանուէլ Պարոսօ յայտարարած էին, որ անոնք տեղեակ են «արտաքին ճնշումին մասին, որ կը զգայ Ուքրանիան»:
«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ վարչապետ Նիքոլայ Ազարով Քիեւի մէջ լրագրողներու յայտարարած է, որ Ուքրանիա մտադիր է դեկտեմբերին բանակցութիւններու սկսիլ Ռուսիոյ հետ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու վերականգնման վերաբերեալ:
«Մեր հիմնական նպատակը Ռուսիոյ հետ բնական առեւտրատնտեսական յարաբերութիւնները վերականգնելն է: Դեկտեմբերի սկիզբը մենք պիտի նստինք բանակցութիւններու սեղանի շուրջ` քննարկելու առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու վերականգնման, ինչպէս նաեւ երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման ճամբու քարտէսի հարցը», ըսած է ան:
«Կրուզիա օնլայն» կը հաղորդէ, որ Վրաստանի խորհրդարանը Ուքրանիոյ իրադարձութիւններուն վերաբերեալ յայտարարութիւն հրապարակած է: Վրացի երեսփոխանները իրենց զայրոյթը յայտնած են Ռուսիոյ կողմէ շանթաժի եւ քաղաքական-տնտեսական ճնշումներու կապակցութեամբ:
Երեսփոխանները յոյս յայտնած են, որ «դէպի եւրոպական ընտանիք Ուքրանիոյ ճամբան կարելի չէ ընդհատել»:
«Խորհրդարանը անհանգստացած է Ուքրանիոյ` Ընկերակցութեան համաձայնագիրի ստորագրումը կասեցնելուն փաստով, ինչ որ տեղի ունեցած է վերջին ամիսներուն ռուսական կողմի` Ուքրանիոյ դէմ կիրարկած շանթաժին, քաղաքական եւ տնտեսական ճնշումներուն պատճառով», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Վրաստանի օրէնսդիր մարմինը յոյս կը յայտնէ, որ Ուքրանիա պիտի կարենայ յաղթահարել եւ չենթարկուիլ Ռուսիոյ շանթաժին եւ ետ չդառնալ եւրոպական համարկման ուղիէն:







All the contents on this site are copyrighted ©.