Վլատիմիր Փութինի այցելութիւնը երկկողմանի կապերու ամրապնդման առիթ Է
«Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի Հայաստան այցելութիւնը պիտի նպաստէ երկկողմ կապերու
ամրապնդման եւ բխի երկու ժողովուրդներուն շահերէն»: Այս մասին Գիւմրիի մէջ լրագրողներուն
հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտարարած է Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան: «Մենք
շատ ուրախ ենք, որ Ռուսիոյ նախագահը ոչ միայն Երեւան պիտի այցելէ, այլեւ Գիւմրի: Բարձրաստիճան
պաշտօնեաներու այցելութիւնները կը նպաստեն յարաբերութիւններու ընդլայնման ու խորացման,
երկկողմ կապերու ամրապնդման: Այս այցելութիւնը եւս այդպիսին պիտի ըլլայ, եւ ասիկա կը
բխի մեր ժողովուրդի շահերէն», յայտնած է Տ. Սարգսեան: Անդրադառնալով կազմակերպուելիք
հայ-ռուսական տնտեսական ֆորումին` Հայաստանի վարչապետը նշած է, որ անոր պիտի մասնակցին
նաեւ Ռուսիոյ տարբեր մարզերու ղեկավարներ, եւ այս տարի եւս պիտի կազմակերպուի միջտարածաշրջանային
ֆորում: Այսպիսով, Ռուսիոյ մարզերը կարելիութիւն պիտի ունենան աւելի մօտէն ծանօթանալու
Հայաստանի մարզերու կարողութիւններուն եւ այդ հիման վրայ պիտի մշակուին ներդրումային
միացեալ ծրագիրներ, պիտի աւելնայ առեւտրաշրջանառութիւնը, պիտի հիմնուին տարբեր ձեռնարկութիւններ:
«Այնպէս որ, ասիկա բացառիկ կարելիութիւն է, որ հայկական պիզնըսը իր կարողութիւնները ներկայացնէ
ռուս գործընկերներուն, ներկայացնէ Հայաստանի ներդրումային գրաւչութիւնը», յայտնած է Հայաստանի
կառավարութեան ղեկավարը: Գիւմրին փակ քաղաք դարձնելու գծով մամուլին մէջ շրջան ընող
խօսակցութիւններուն մասին վարչապետը ըսած է. «Գիւմրին մշտապէս եղած է աշխարհի ամէնէն
բաց քաղաքը, իբրեւ այդպիսին ալ պիտի մնայ: Գիւմրին փակ քաղաք դարձնելու ծրագիրներ չկան»: Կ՛ակնկալուի,
որ Ռուսիոյ նախագահը Հայաստան այցելէ դեկտեմբերին սկիզբը: Նախատեսուած է, որ Վլատիմիր
Փութին Գիւմրիի մէջ մասնակցի հայ-ռուսական տնտեսական ֆորումին: