2013-11-27 10:07:54

Դամասկոսի Համալսարանին մէջ Հայագիտական բաժանմունք բանալու կարելիութեան քննարկում


Երկուշաբթի, 25 նոյեմբեր, 2013-ին, Դամասկոսի համալսարանի նախագահ Մոհամետ Ամեր Մարտինին հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան տոքթ. Արշակ Փոլատեանի եւ Արմաշ եպս. Նալպանտեանի հետ. հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան համագործակցութեան կարելիութիւնները եւ Դամասկոսի համալսարանին պատկանող «Լեզուներու բարձրագոյն ուսումնարան»-ին մէջ հայոց լեզուի ուսուցման կարելիութիւնը, առ ի պատրաստութիւն Դամասկոսի համալսարանին մէջ Հայագիտականի բաժանմունքի բացման:
Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան խորհրդական Տիգրան Գէորգեան, տոքթ. Նորա Արիսեան, Դամասկոսի համալսարանի ընդհանուր քարտուղարը, Միջազգային յարաբերութիւններու բաժանմունքի պետը եւ Լեզուներու բարձրագոյն ուսումնարանի վարիչը:
Հանդիպումին շեշտուեցաւ Դամասկոսի համալսարանի ցանկութիւնը տարբեր լեզուներու ուսուցման, մանաւանդ հայոց լեզուի` երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման ծիրին մէջ:







All the contents on this site are copyrighted ©.