Մամլոյ Ասուլիս ներկայացնելու Ֆրանչիսկոս Պապի հրատարակած առաջին առաքելական յորդորագիրը
''Աւետարանի ուրախութիւնը''։
Երեքշաբթի, 26 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 11,30-ին, Վատիկանի Յովհաննէս Պօղոս Բ անուան
սրահին մէջ, տեղի կ՛ունենայ մամլոյ ասուլիս` ներկայացնելու համար ժամանակակից աշխարհի
մէջ աւետարանի հռչակումի մասին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հրատարակած, առաջին առաքելական
յորդորագիրը, որուն խորագիրն է ''Աւետարաններու ուրախութիւնը'' ։ Մամլոյ ասուլիսը
կը ներկայացնեն գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլա, վերաւետարանութեան քահանայապետական խորհուրդի
նախագահը։ Գերապայծառ Լորէնցօ Պալտիսսէրի` Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղար
եւ գերապայծառ Գլաուտիօ Մարիա Չելլի` ընկերային հաղորդամիջոցներու քահանայապետական խորհուրդի
նախագահ։ Վերոյիշեալ յորդորագիրը հրատարակուած է Հաւատոյ Տարուայ փակման առթիւ` եւ
Կիրակի 24 նոյեմբերին, հաւատոյ տարուայ եզրափակիչ արարողութեան աւարտին` Ֆրանչիսկոս Պապը
զաղն յանձնեց Եկեղեցւոյ 36 ներկայացուցիչներուն։