2013-11-24 12:28:51

Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց որ սատարեցին ''Հաւատոյ Տարուայ'' կազմակերպութեան։


Կիրակի, 24 նոյեմբերի առաւօտեան, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ մատուցած` Հաւատոյ Տարուայ եզրափակիչ Պատարագի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը խորհրդանշական կերպով 36 անհատներու յանձնեց ''Աւետարանի ուրախութիւնը'' խորագրով` Հաւատոյ Տարուայ փակման առթիւ հրատարակած իր առաջին առաքելական յորդորագիրը։ Ան ապա նոյն վայրէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը եւ աղօթքէն առաջ կատարած հակիրճ խորհրդածութեան ընթացքին, ողջունեց տարբեր երկիրներէ Հռոմ ժամանած ուխտաւորները, վերյիշեց Ուկրանիոյ ''Հոլոմոտորի'' աղէտի 80 ամեակը, ու յիշեց նաեւ ''միսիոնարները'' ու յատկապէս Ֆրանչիսկեան միաբանութեան անդամ` Երանելի Ժունիբէրօ Սէրրան որուն ծննդեան 300րդ տարեդարձը կը նշուի։
Նորին Սրբութիւնը ապա ներկաները հրաւիրեց աղօթելու ''Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան'' աղօթքը հայցելով Մարիամու հովանին, յատկապէս ''մեր եղբայր ու քոյրներուն որ իրենց հաւատքի համար կը հալածուին'' Ան ապա յատուկ շնորհակալութեան խօսք ուզեց ուղղել բոլոր անոնց որ իրենց գործունէութեամբ սատարեցին ''Հաւատոյ Տարուայ'' ձեռնարկներու կազմակերպութեան, յատկապէս գերապայծառ Ֆիզիքելլան ու անոր աշխատակիցները։ Աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը բոլորին մաղթեց բարի կիրակի։








All the contents on this site are copyrighted ©.