2013-11-23 09:07:19

Միջկրօնական երկխօսութեան Քահանայապետկան խորհուրդի լիանիստ ժողովը։


25-28 նոյեմբեր, Միջկրօնական երկխօսութեան Քահանայապետկան խորհուրդը Հռոմի մէջ կը գումարէ իր լիանիստ ժողովը զոր կը գլխաւորէ Կարդինալ Ժան Լուի Թորան` Միջկրօնական երկխօսութեան Քահանայապետկան խորհուրդին
Նախագահը։
Լիանիստ ժողովի գլխաւոր նիւթն է ''Կրօնական տարբեր աւանդութիւններու անդամները քաղաքացիկան ընկերութեան մէջ'' ։
Ժողովին ընթացքին ելոյթ կ՛ունենայ ֆրանսացիներու ''Սան Լուի'' վարժարանի տեսուչ` գերապայծառ Ֆրանսուս Պուսքէ ''Կրօնի դերը քաղաքացիկան ընկերութեան մէջ '' նիւթին մասին։ Նախատեսուած են նաեւ նաեւ այլ ելոյթներ, ''կրօնական տարբեր աւանդութիւնները մեծամասնութեամբ Իսլամ ընկերութիւներուն մէջ'' նիւթին շուրջ։
Միջկրօնական երկխօսութեան Քահանայապետկան խորհուրդի քարտուղար` Գերապայծառ Միկէլ Անժէլ Այուսօ՝ ժողովականներուն պիտի ներակայացնէ վերջին հինգ տարիներու ընթացքին, վերոյիշեալ խորհուրդի կատարած գործունէութիւնները։


Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովի 50 ամեակի եւ Հաւատոյ Տարուայ փակումի առթիւ, Քահանայապետական միջկրօնական երկխօսութեան այս լիանիստ ժողովը, առիթ մը կը հանդիսանայ խորհդածելու` միջկրօնական երկխօսութեան ներկայ կացութեան մասին` աշխհարիս զանազան շրջաններու մէջ, եւ քննարկելու Քրիստոնեաներու դերը ի նպաստ լաւագոյն յարաբերութիւններու զարգացումին, այլ կրօններու պատկանող հաւատացեալներուն հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.