ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Նոյեմբեր 20ին Հայաստանի պետական ֆիլհարմոնիկ նուագախումբի գեղարուեստական
ղեկավար եւ գլխաւոր գեղարուեստական ղեկավար Էդուարդ Թօփչեան արժանացած է «Աշխատանքային
վաստակի» համար շքանշանին («Order of Merit for Labour»)՝ Իտալիոյ Հանրապետութեան նախագահ
Ճորճիօ Նափոլիթանոյի ստորագրութեամբ: Մրցանակը Էդուարդ Թօփչեանին յանձնուած է Հայաստանի
Առաջին տիկին Ռիտա Սարգսեանի, Ֆիլհարմոնիկ նուագախումբի եւ բազմաթիւ հանդիսականներու
ներկայութեամբ՝ Հայաստանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Պրունօ Սքապինիի կողմէ: