2013-11-23 12:12:25

Եւրոպական Ողիմպիական խաղերու Կոմիտէի պատգամաւորներու այցը Վատիկան ու հանդիպում` Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ։


Եւրոպական Ողիմպիական խաղերու Կոմիտէի պատգամաւորները, շաբաթ 23 նոյեմբերին ժամանեցին Վատիկան ու հանդիպում ունեցան Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ։
Անոնց ուղղած իր ճառին մէջ, Նորին Սրբութիւնը քաջալերեց` անհատներու եւ ընկերային եղբայրութեան զարգացումին ի նպաստ, մարզանքի բերած սատարը ու ապա կեդրոնացաւ Եկեղեցւոյ ու մարզանքի միջեւ գոյացած իրողութեան ու մատնանշեց թէ ''կարեւոր է մարզանքի ասպարեզէն ներս գործիչներուն համար` զարգացնել մարդկային եւ կրօնական արժէքները որ հիմը կը կազմեն արդար եւ զօրակից հասարակութեան'' որովհետեւ - աւելցուց քահանայացպետը - ''մարզանքի լեզուն տիեզերական է ու կը գերազանցէ պատնէշները, լեզուները, ցեղային պատկանելիութեները, կրօններն ու գայափարականները եւ կարողութիւն ունի մարդիկը միացնելու եւ երաշխաւորելու երկխօսութիւնն ու հիւրընկալութիւնը։
Սրբազան Քահանայապետը ապա զգուշացուց ներկաները, մարզանքը չի վերածել լոկ ''տնտեսական եկամուտի'' միջոց, ''Մարզանքը ներդաշնակութիւն է - ըսաւ Ան - բայց եթէ գերիշխէ ''դրամի'' փնտրտուքն ու ամէն գինով յաջողութեան հետապնդումը այդ ներդաշնակութիւնը կը խախտի''։
Ֆրանչիսկոս Պապը խօսքը եզրափակեց ներկաներուն, անոնց ընտանեկան պարագաներուն եւ բոլոր մարզիկներուն վրայ հայցելով Աստուծոյ օրհնութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.