2013-11-23 08:54:28

Երուսաղէմի հայ կաթողիկէ առաջնորդը կը մասնակցի Թանթուրի մէջ (Բեթղեհէմի մօտ) կայացած Ֆոքոլարինի Շարժումի համակիր Եպիսկոպոսներու հաւաքին


Հինգշաբթի` Նոյեմբեր 21­ին, յետ միջօրէի ժամը 4,30-ին, Երուսաղէմէն եւ շրջակայքէն բազմաթիւ հոգեւորականներ հրաւիրուած էին մասնակցելու Բեթղեհէմ քաղաքի մօտ` Թանթուր կոչուած համամիութենական ուսումնական կեդրոնին մէջ կազմակերպուած դասախօսութեան մը. Հոն արդէն հաւաքուած էին երկու օրէ ի վեր ֆոքոլարինի շարժումի համակիր եպիսկոպոսները իրենց տարեկան 32­րդ համամիութենական հանդիպումին առիթով։

Ներկայ էին նախկին լատինաց պատրիարք` Միշել Սապպահ եւ Երուսաղէմի Առաքելական Նուիրակը` Արհիապատիւ Ճուզէփփէ Լածարոթթօ, եւ բազմաթիւ եկեղեցականներ, կրօնաւորներ ու կրօնաւորուհիներ։ Թայլանտի Պանքոք քաղաքի եպիսկոպոսը խօսք առաւ, ողջունելու համար ներկանլերը եւ հրաւիրեց մի քանի եպիսկոպոսներ իրենց անձնական փորձառութեան մասին խօսելու։ Ամենայուզիչ արտայայտութիւնն ունեցաւ Արհի. Արմանտօ Պերթոլածծի Հալէպի նախկին լատինաց եպիսկոպոսը, որ ներկայ եղած էր Պօղոս Զ. Սրբազան Պապի եւ Աթենակորաս Պատրիարքի հանդիպման։

Ապա` հեռապատկերով ներկայացուեցաւ Սուրբ Հաղորդութեան Սինֆոնիան, որ մօտ տարի մը առաջ` կազմակերպուած էր Օրիորդ Վերոնիք Նեպելի կողմէ, այն տարբերակով որ բոլոր այն երգողները որոնք հաւաքոյթին ներկայ էին, իրական ձայնով երգեցին իրենց բաժինը.

Երուսաղէմի հայ կաթողիկէ առաջնորդ` Գերապայծառ Յովսէփ Քէլէկեան, որ ներկայ էր, երգեց հայերէն Սուրբ սուրբը. Ասորի Ուղղափառ առաջնորդը երգեց Հայր մերը արամայերէնով, Ասորի կաթողիկէ եպիսկոպոսը երգեց սուրբ հաղորդութեան երգ մը… այսպէս մօտ եօթը հոգիներ ուղղակիօրէն իրենց մասնակցութիւնը բերին, ժապաւէնի ցուցադրման ընթացքին։
Երեկոյեան դէմ, բոլոր ներկաները հիւրասիրուեցան Թանթուրի կեդրոնի անձնակազմին կողմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.