2013-11-23 12:13:33

Երեկոյեան զրոյցներ Երուսաղէմի մէջ


Ուրբաթ` Նոյեմբեր 22­ին, երեկոյեան ժամը 7-ին, Երուսաղէմի Նօթրը­Տամ պանդոկի սրահներէն մէկուն մէջ, մօտ երեսուն հոգիներ հաւաքուած էին մտիկ ընելու համար Երուսաղէմի Քարիթաս­ի տնօրէն` Հայր Րա՛էտ Ապու Սահլիյէ­ի բանախօսութեան` իր գործունէութեան մասին։
Բանախօսութիւնը իտալերէն լեզուով էր, ինչպէս սովորութիւն է այս զրոյցներու ընթացքին, որ սկսած է մարմին առնել Հայր Ճիաննի Գրիվելեր­ի նախաձեռնութեամբ, որ ժողովրդապետ է Հոնք­Քոնկի մէջ։ Ան նախապէս երկու բանախօսութիւններու ընթացքին` խօսած էր Չինաստանի կաթողիկէներուն մասին, մեծ հետաքրքրութիւն արթնցնելով ներկաներուն մէջ։ Իր բացակայութեան` Օրիորդներ Էլիզա եւ Լենա կը վարէին զրոյցները։
Հայր Րա՛էտ, որ միեւնոյն ատեն նաեւ Րամալլայի լատին ժողովրդապետն է, շատ շահեկան զրոյց մը տուաւ, ուր բացայայտեց Երուսաղէմի Քարիթասի բոլոր օգտաշատ գործունէութիւնները, սկսելով թմրամոլ երիտասարդներու համար բացուած կեդրոնէն, հիւանդներու խնամքէն, աղքատ ընտանիքներու տրուած օգնութենէն, հասնելով մինչեւ դպրոցական եւ համալսարանական մակարդակի վրայ եղած օգնութիւններուն։
Ապա շեշտեց թէ ինք ամէն օր մեծ ջանք կը թափէ համոզելու քրիստոնեայ ընտանիքները որ չհեռանան Սուրբ Երկրէն. Առանց քրիստոնեաներու, Սուրբ երկիրը կը կորսնցնէ իր սրբազան արժէքէն մեծ մաս մը։ Թուեց զանազան ձեռնարկներ, ինչպէս Թայպէ գիւղի (որ շրջանի միակ ամբողջապէս քրիստոնեայ գիւղը մնացած է) ձէթի արտադրութիւնը եւ արտածումը դէպի Եւրոպա։ Իր մեծագոյն փափաքն է իրագործել զուգաւորումը` ընդմէջ Սուրբ Երկրի քրիստոնեայ ժողովրդապետութիւններուն եւ Եւրոպական զանազան թեմերուն։
Ժամանակ տրուեցաւ ներկաներուն հարցումներ ուղղելու բանախօսին եւ ժամադրութիւն տրուեցաւ յառաջիկայ 5 դեկտեմբերին, Թերրա Սանդա Գոլլէճին մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.