2013-11-23 09:19:14

«Թուիթըր»ի փոխնախագահ Ր. Գրիգորեան միացած Է «ԹՈՒՄՕ»ին ։


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Թուիթըր» ընկերային ցանցի փոխնախագահ Րաֆֆի Գրիգորեան համալրած է «ԹՈՒՄՕ» ստեղծարար արհեստագիտական կեդրոնի խորհուրդի հեղինակաւոր անդամներուն ցանկը: «ԹՈՒՄՕ»ի հանրային կապերու համակարգող Գայիանէ Այվազեանը «Արմէնփրէս»ին յայտնած է, որ Գրիգորեան կեդրոնին պիտի փոխանցէ նորագոյն արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ իր տասնամեայ փորձառութիւնն ու կրթութեան հանդէպ եռանդը։
Որպէս «Թուիթըր» ի առաջնորդ՝ Գրիգորեան ղեկավարած է ընկերութեան ծառայութիւններու համարկումը Apple-ի iOS մոպայլ համակարգին եւ օգնած է՝ ստեղծելու նոր ծրագիրը: Այսօր ընկերութեան մէջ ան կը ղեկավարէ աւելի քան հինգ տարբեր խումբեր եւ պատասխանատու է ընկերային ցանցի ծրագրային ենթակառոյցներուն։
Նախքան «Թուիթըր»ին միանալը, Գրիգորեան հիմնադրած է WattzOn.com ընկերութիւնը, դասաւանդած է Նիւ Եորքի համալսարանի հեռահաղորդակցութեան բաժինին մէջ, ինչպէս նաեւ O՛Reilly Media-ի հրատարակած «TiVo Hacks» գիրքին հեղինակն է:
2012 թուականին Րաֆֆի Գրիգորեան առաջին անգամ ըլլալով այցելած է «ԹՈՒՄՕ» կեդրոն, իսկ 2014ի գարնան ան նորէն պիտի այցելէ՝ այս անգամ ղեկավարելու ծրագրաւորման խորացուած աշխատարան, այսպիսով աջակցելով «ԹՈՒՄՕ»ի ծրագրաւորման ոլորտի ուսումնական ծրագիրի ընդլայնման:








All the contents on this site are copyrighted ©.