2013-11-22 10:48:59

ֆրանչիսկոս Քահանայապետի պատգամը Վերոնայի ''Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան'' երրորդ տօնախմբութեան առթիւ։


Վերոնայի մէջ նոյեմբեր ` 21-24 տեղի կ'ունենայ Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան երրորդ տօնախմբութիւնը. ''նուազ անհաւասարութիւններ առաւել տարբերութիւններ'' բնաբանով։
Այս առթիւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը պատգամ մը ուղղեց մասնակցողներուն, ընդգծելով որ ''ձեր տօնախմբութեան բնաբանը, որ է ` ''նուազ անհաւասարութիւններ առաւել տարբերութիւններ'', ի յայտ կը դնէ անհատներու բազմազան հարստութիւնը որպէս արտայայտութիւնը անձնական տուրքերուն։ Արդարեւ մարդկային ընտանիքը պատկերն է տուրքերու համաշխարհականացումին։։
Խօսքը ուղղելով նոր սերունդին ու տարեցներուն, Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ տարբերութիւններու ճանաչումը կ'արժէքաւորէ անհատները, որովհետեւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը ընկերութեան համար հարստութիւն մըն է։ Երկուքը կը կազմեն ժողովուրդին ապագան։
Երիտասարդները կը կազմեն ժողովուրդին ապագան, մինչ տարեցները` ժողովուրդին յիշատակութիւնը, իմաստութիւնը։ Ընկերութիւն մը չի կրնար բարգաւաճիլ եւ ներդաշնակօրէն աճիլ, առանց նոր սերունդի ոյժին ու տարեցներու յիշողութեան։ Ժողովուրդ մը որ կ'անտեսէ նոր սերունդն ու տարեցները ապագայ չունի։
Այդ ուղղութեամբ Եկեղեցւոյ Ընկերային վարդապետութիւնը կարող է դառնալ ընկերութեան ուղեցոյցը, քանի որ անիկա ժառանգութիւնն ու արդիւնքն է խորհրդածութեան ու յոյսի։ Հաւատքի զօրութեամբ կարելի է դիմագրաւել ներկայ շուկայի խոչընդոտներն ու դժուարութիւնները, առաջնորդուած մարդկային արժանաւորութեան գիտակցութենէն եւ ոչ ''դրամ'' չաստուածէն։
Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան ապրումը յոյս կը յարուցանէ։ Մաղթանքս է, ըսաւ Քահանայապետը իր պատգամը եզրափակելով, որ բոլոր անոնք որոնք պատասխանատու են ընկերային հարցերուն` յանձնառումով ընդառաջեն այսօրուայ մարդու պահանջներուն։ Թող իմ օրհնութիւնը ձեզի ընկերանայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.