2013-11-22 09:31:36

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այցելեց Սուրբ Անտոն Անապատականի մենաստանը։


Հինգշաբթի, 21 նոյեմբերի յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Հաւատոյ Տարուայ փակման հանդիսութիւններու ծիրէն ներս, այցելեց Հռոմի Աւենդինօ շրջանը գտնուող Գամալտոլիի միաբանութեան` Սուրբ Անտոն Անապատականի մենաստանը, ու հոն ապրող փակեալ կրօնաւորուհիներուն հետ միասին մասնակցեցաւ ժամասացութեան արարողութեան։
Նախ քան մենաստան մեկնիլը, Նորին Սրբութիւնը` Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի մէջ, հանդիպում ունեցաւ Փիլիպեան համայնքի հասարակութեան հետ եւ օրհնեց Սուրբ Բետրօ Գալունկսոտի խճանկարը։ Հանդիպման ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը խրախուսեց ներկաները` ''չի վհատիլ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն'', ու մօտիկութիւն յայտնեց Փիլիպեան կղզեխումբի բնակչութեան, որ այս օրերուն կ՛ապրի տագնապալից իրավիճակ մը։ Նորին Սրբութիւնը ապա հրաւիրեց զանոնք աղօթելու ու մանուկներու նման հարց տալու` ինչու՞ այս բաները կը պատահին։ Հարց տուէք ինչու՞, ինչու՞ - ըսաւ Քահանայապետը - ու ձեր Երկնաւոր Հօր ուշադրութիւնը գրաւեցէք։
Այս ցաւի եւ վիշտի պահերուն, աղօթքը թող ըլլայ ձեր ուժը- յարեց Ան - Ինչու՞ հարցումի աղօթքը, առանց բացատրութիւններ սպասելու, այլ պարզապէս խնդրելով որ մեր Հայրը հայեացքը ուղղէ մեր վրայ։ ''Ես ալ պիտի ընկերանամ ձեր այս աղօթքին'', ըսաւ Քահանայապետը եզրափակելով անպատրաստից իր խօսքը։

Փիլիպեան կղզեխումբի հաւատացելաներուն հետ ունեցած հանդիպումէն ետք Նորին Սրբութիւնը ուղղուեցաւ Սուրբ Անտոն Անապատականի մենաստանը ուր - ինչպէս նշեցինք- մասնակցեցաւ ժամասացութեան արարողութեան։ Այս առթիւ կատարած իր խորհրդածութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը հարց տուաւ կուսաններուն եթէ ''Աստուծոյ սպասումի կանթեղը վառա՞ծ է տակաւին''։ Ան ապա խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Սուրբ Կոյս Մարիամի կեանքի զանազան հանգրուաններուն վրայ, որուն տաճարի ընծայման տօնը կը նշուէր այդ օր։ Հակառակ խաւարին եւ մարդկային ձախողութիւններուն` Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրեց կրօնաւորուհիները նայելու միշտ ապագային եւ վառ պահելու կանթեղը։








All the contents on this site are copyrighted ©.