2013-11-22 13:17:15

Վանի Մէջ՝ Նոր Երկրաշարժ


Վանի մէջ այսօր առաւօտեան տեղի ունեցած է 4,5 աստիճան զօրութեամբ երկրաշարժ մը: Երկրաշարժի կեդրոնը գտնուած է քաղաքին մէջ` երկրակեղեւէն 20 քիլոմեթր խորութեան վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը` վկայակոչելով թրքական “Անատոլու” գործակալութիւնը:
Երկրաշարժի ցնցումները զգացուած են ե՛ւ քաղաքի կեդրոնը, ե՛ւ շրջակայ գիւղերուն մէջ: Նախնական տուեալներուն համաձայն` երկրաշարժին իբրեւ արդիւնք մարդկային եւ նիւթական կորուստներ չեն արձանագրուած:








All the contents on this site are copyrighted ©.