2013-11-22 12:02:00

ՄԱԿի հռչակած ''Հողագործ ընտանիքի Միջազգային Տարուայ'' պաշտօնական բացումը։


Ուրբաթ, 22 նոյեմբերի երեկոյեան, Իտալիոյ ժամով 21,00-23,00 Նիւ Եորքի` Մակի կեդրոնական գրասենեակի մէջ, ՖԱՕի ընդհանուռ տնօրէն՝ Խօսէ Կրացիանօ Տա Սիլա պաշտօնական բացումը կը կատարէ ''Հողագործ ընտանիքի Միջազգային Տարուայ''։ Բացման հանդիսութեան ընթացքին խօսք կ'առնեն քաղաքական եւ տնտեսական աշհարհէն՝ հեղինակաւոր անձնաւորութիւններ։ Արարողութեան ընթացքին պիտի նշանակուին նաեւ, ''Հողագործ ընտանիքի Միջազգային Տարուայ'' յատուկ դեսպաններ`յանձինս Իպրահիմ Քուլիպալի` Նախագահը Մալի քաղաքի հողագործ աշխատաւորներու Ազգային կազմակերպութեան։ Նիքարակուացի Միրնա Քուննինկհամ ՝ բնիկներու Մակի Մնայուն ֆորումի երբեմնի նախագահ եւ Գերմանացի Կէրտ Սոնլէյդնէր Եւրոպայի Հողագործներու ընկերակցութեան նախագահ։
Յայտնենք որ անցեալ 20 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին, ''Հողագործ Ընտանիքի միջազգային '' օրուայ առթիւ կոչ մը ուղղեց որուն մէջ ընդգծեց թէ ''հողագործութեան տնտեսութիւնն ու զարգացումը ընտանիքին մէջ կը գտնեն ստեղծագործութիւնը յարգող բանուոր մը''։Աւելցնելով թէ '' Աշխատանքի աշխհարին մէջ նաեւ Ընտանիքը օրինակ է եղբայրակցութեան՝ ապրելու համար միասնականութեան եւ զօրակցութեան փորձառութիւնը, որ աւելի մեծ ուշադրութիւն կը դարձնէ օգնութեան կարօտ եւ խնամքի կարիք ունեցողներուն, հեռու պահելով ընկերային բոլոր բախումները։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կոչը եզրաբակեց մաղթելով որ Մակի այս ձեռնարկը օժանդակէ արժէքաւորելու համար ընտանիքի արտադրած բարիքներն ու ներդրումները՝ տնտեսական, ընկերային, մշակութային եւ բարոյական մարզերէն ներս, համայն մարդկային հասարակութեան ի նպաստ։







All the contents on this site are copyrighted ©.