2013-11-22 14:44:31

Հաւատքը Սաղմոսներուն մէջ


Սաղմոսները` կը դասակարգուին չորս խումբի մէջ` 1) փառաբանական, որոնք կ՛օրհնաբանեն Տիրոջ մեծութիւնն ու բարութիւնը 2) պաղատանքի, վստահութեան ու գոհութեան, որոնք բնոյթով անհատական ու հավաքական են, եւ ապաշխարութիւն, պաղատանք եւ վստահութիւն կ՛արտայայտեն, 3) ուսուցողական, որոնք խրատական պատգամներ են բնոյթով, 4) մեսիական, որոնք կ՛աւետեն Յիսուս Քրիստոսի գալուստն ու Աստուծոյ Արքայութեան հաստատումը եւ կը մարգարէանան Անոր կեանքի կարեւորագոյն դրուագները, Անոր մահուան եւ յարութեան մասին:
Աստուած անտեսանելի է, սակայն սաղմոսներու մարդուն կրօնական փորձառութեամբ եւ մանաւանդ Ուխտին զօրութեամբ, ներկայ է ժողովուրդին կեանքին մէջ: Խումբ մը ժողովուրդներ կան սակայն, որոնք հեգնանքով կը հարցնեն. « Ո՞ւր է Աստուած»: Այսպիսիներուն տիպարն է « անզգամը որ սրտին մէջ կը մրմնջէ. « Աստուած չկայ»:
Բացայայտ այս հարցականներուն պատասխանը կու տայ սաղմոսերգուն որ կը դաւանի Աստուծոյ գործօն ներկայութիւնը տիեզերքի մէջ. « Մեր Աստուածը երկինքն էեւ երկրի վրայ եւ կ՛ընէ ամէն ինչ որ հաճելի է իրեն» (113)
Սաղմոսներուն մէջ աչքի կը զարպէ Աստուծոյ անունին գովաբանութիւնը. «Ես գոհութիւն կու տամ քեզի, ժողովուրդներու մէջ, Տէր, եւ քու անունիդ սաղմոսներ կ՛երգեմ» (17, 50)
Աստուծոյ անունին ներկայութիւնը սաղմոսներուն մէջ, նոյնիքն Աստուծոյ ներկայութիւնն է, ինչպէս Տիրոջ անունին յայտնութիւնը` Մովսէսի, ժողովուրդին համար առաւ նշանակութիւնը Աստուծոյ խորհրդաւոր եւ յատուկ ներկայութեան: Երբ Աստուծոյ անունը կը սիրուի կամ կը գովաբանուի նոյնինքն Աստուած կը սիրուի եւ կը գովաբանուի:
Սաղմոսերգուներու տեսութեան մէջ, Աստուած միայն գերակայ, մարդէն անհունօրէն բարձր էակը չէ, այլ Տէրն է գթած եւ ողորմած` մարդուն հանդէպ, որուն արարիչն է նախախնամողը եւ փրկիչը:
Սաղմոսներու մէջ Աստուծոյ պաշտպանութեան եւ նախախնամութեան գործը կը ներկայացուի զանազան կերպերով, ինչպէս տուչութեամբ բարիքներու, բոլոր արարածներուն պահպանումով գոյութեան մէջ. « Դուն կը կերակրես, Տէր, մարդիկ եւ անասունների, որքան առատաձեռն է քու գթութիւնդ, Աստուած. Որդիները մարդուն կ՛ապաստանին հովանիին տակ քու թեւերուդ» (35, 7-8)
Վերջապէս, սաղմոսները իբր մատեան գովաբանութեան եւ գոհութեան, պաղատանքի եւ աղօթքի, եղած է նախասիրուած ներշնչարանի Շարականներ, Գանձեր կամ հոգեւոր երգեր յօրինող եկեղեցական մատենագիրներու: Անցեալին մէջ, հայ հաւատացեալը սիրած է սաղմոսարանը, իբրեւ մրմունջ հոգեւոր երգի, որդեգրած է սաղմոսները: Իր դրական առօրեայ կեանքին, հայ ժողովուրդի կեանքին` եւ սաղմոսներու ժողովուրդին կեանքին միջեւ պատմութեան տեւողութեամբ տեսած է համանմանութիւնը միանգամայն մռայլ եւ խորհրդաւոր: Սաղմոսներու մէջ գտած է հուժկու կռուանը հեգնելու ճակատագրի դաժանութիւնը: Հոն գտած է լուսաւոր բնաբանը վհատութիւն եւ յուսահատութիւն մերժող, խաւարի թանձրութիւնը փարատող, եւ գրաւականը յաւերժութեան. « Դու Տէր, յոյս իմ ես»:







All the contents on this site are copyrighted ©.