Յառաջիկայ կիրակի 24 նոյեմբերին, Հաւատոյ Տարուայ փակման արարողութեան ընթացքին, զոր
տեղի պիտի ունենայ Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ, նախատեսուած է նաեւ դրամահաւաք`
ի նպաստ Փիլիպեան կղզեխումբի ''Հայան'' մրրիկի աղէտեալներուն։ Դրամահաւաքը տեղի պիտի
ունենայ, Սրբազան Քահանայապետի Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ նախագահած սուրբ պատարագի
արարողութենէն առաջ` բազմաթիւ կամաւորներու համագործակցութեամբ։ Յառաջիկայ օրերուն Ֆրանչիսկոս
Քահանայապետը պիտի որոշէ հաւաքուած դրամի` Փիլիպեան կղզիներ ուղարկելու պայմանները։
Յայտնենք որ այս առաջին անգամն է, 10 - 15 տարիներէ ասդին, որ Սուրբ Պետրոսի հրապարակի
վրայ դրամահաւաք կը կազմակերպուի։ Յայտնենք նաեւ` որ կիրակի 24 նոյեմբերի յետմիջօրէին,
Սանդա Մարիա Մաճճորէ պազիլիքայի մէջ, Հռոմի Թեմի նախաձեռնութեամբ, կազմակերպուած է աղօթքի
արարողութիւն մը, ի յիշատակ ''Հայան'' մրրիկի զոհերուն։ Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը
կը բերեն Փիլիպենցի եւ Հռովմէացի հաւատացեալներ։