2013-11-21 10:20:31

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին այցելութիւնը Հռոմի ս. Անտոն Անապատականի իգական մենաստանին


21 նոյեմբերին, Կաթողիկէ եկեղեցին կը ոգեկոչէ փակեալ կրօնաւորներու օրը։ Այս առթիւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը յետմիջօրէին այցելութիւն կը կատարէ ''Գամալտոլեզի'' կոչուած պենետիկտեան կրօնաւորուհիներուն, որոնց կեդրոնը կը գտնուի Հռոմի ս. Անտոն անապատականի նուիրուած մենաստանին մէջ։
Յայտնենք որ Հռոմի Գամալտոլեզի իգական միաբանութիւնը ծնունդ առաւ 18-րդ դարուն։

Միաբանութեան հիմնադրուհին եղաւ Անճելա Մարիա Բեցա։ Միաբանութեան կանոնագիրքը ունի որպէս հիմ ս. Պենետիկտոսի կանոնները։
Կրօնաւորուհիները ս. Անտոն Անապատականի մենաստանին մէջ կ'ապրին մեկուսացած կեանք մը, յատկանշուած պարզութեամբ, առանձնութեամբ ու եղբայրօգնութեամբ։
Փակեալ կրօնաւորուհիները ունին որպէս պաշտպան սուրբ ,ինչպէս ըսինք, ս. Անտոն Անապատականը որ ծնած ու ապրած է երրորդ դարուն, Եգիպտոսի մէջ։

Անոր կենսագրականը գրած է Աղեքսանդրիոյ Եպիսկոպոս` ս. Անաստազ մեծ աստուածաբանը 357 թուին։ Այդ կենսագրութիւնը թարգմանուած է բազմաթիւ լեզուներով եւ այդ պատճառաւ ս. Անտոն Անապատականը մեծ համաբաւ կը վայելէ Արեւելքի ու Արեւմուտքի քրիստոնեաներուն մօտ։
Ան ծնած էր Եգիպտոսի Գուման քաղաքը, 251 թուականին, հարուստ ընտանիքի զաւակ։ 20 տարեկանին, հետեւելով Աւետարանի խրատին` ''եթէ կ'ուզես կատարեալ ըլլալ, գնա' եւ հարստութիւնդ ծախէ' ու աղքատներուն բաշխէ'''։ Ան իր բոլոր ինչքերը բաշխեց, իր միակ քոյրը յանձնեց իգական եկեղեցական հասարակութեան մը, եւ քաշուեցաւ անապատ, ճգնաւորական կեանք մը ապրելու, վարելով աղօթքի, աղքատութեան ու ողջախոհութեան կեանք մը։ Շատերը անոր օրինակին հետեւելով անապատ քաշուեցան ճգնողական կեանք մը ապրելու։ Այս պատճառաւ ան ճանչցուած է որպէս ճգնողական կեանքի հիմնադիրը, թէ քրիստոնեայ Արեւելքի եւ թէ քրիստոնեայ Արեւմուտքի մէջ։ Իր կեանքին վերջին տարիները ապրեցաւ Դպայիտ կոչուած անապատը աղօթքով ու բանջարանոց մը մշակելով։
17 յունուար 357-ին խոր ծերութեան մէջ վախճանեցաւ։
Նշենք որ աշխարհի փակեալ կրօնաւորներու ու կրօնաւուհիներու աւանդական ձեւն է ''հիւրասիրութիւնը''. նիւթական թէ հոգեւոր գետնի վրայ։
Հռոմի ս. Անտոն անապատականի մենաստանին մէջ փակեալ կրօնաւորուհիները ամէն օր կէսօրին բաց ճաշասեղան մը ունին բոլոր կարօտեալներուն համար ժամը 13.30-14.30։








All the contents on this site are copyrighted ©.