2013-11-21 12:31:05

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ճառը՝ Արեւելքի Կաթողիկէ Եկեղեցիներու Հովուապետերուն։


Հինգշաբթի, 21 նոյեմբերի առաւօտեան, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հանդիպում ունեցաւ Արեւելքի Կաթողիկէ Եկեղեցիներու Հովուապետերուն հետ։ Հանդիպումի ընթացքին անոնց ուղղած իր ճառին մէջ Նորին Սրբութինը ըսաւ` ''Կ' ողջունեմ ձեզ ուրախութեամբ եւ եղբայրական հոգիով։ Այս հանդիպումը առիթ կ'ընծայէ ինծի , հանդիպելու, առաջին անգամուայ համար, Արեւելքի Կաթողիկէ եկեղեցիներու Հովուապետերուն հետ։
Ձեր դէմքերուն ընդմէջէն կը տեսնեմ ձեր Եկեղեցիները։ Առաջին հերթին կ'ուզեմ ապահովել իմ նեցուկս եւ աղօթքներս ձեր հօտերուն, որ մէր Տէրը Յիսուս Քրիստոս յանձնած է ձեզմէ իւրաքանչիւրին, եւ կը հայցեմ Սուրբ Հոգիի շնորհքները որպէսզի մեզի թելադրէ թէ ինչպէս կարելի է միասին սորվիլ ու գործել՝ հաւատարմութեամբ ծառայելով մեր Տէրը, Անոր Եկեղեցին եւ համայն Մարդկութիւնը։

Այս հանդիպումը նաեւ ինծի առիթ կ'ընծայէ - ըսաւ Սրբազան Հայրը - վերանորոգելու իմ յարգանքս հանդէպ Արեւելքի Քրիտոնեայ հոգեւոր ժառանգութեան, եւ վերյիշելու Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի խօսքերը, Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն նուիրուած ''Միջին Արեւելքի Եկեղեցին'' յորդորագիրին մէջ` ''Դուք հաղորդութինը պահպանող պահակներն էք եւ ծառաները Եկեղեցւոյ միութեան''։

Սրբազան Հայրը խօսքը կեդրոնացուց միութեան կարեւորութեան վրայ եւ աւելցուց` ''Որպէսզի մեր տուած վկայութիւնը հաւատալի ըլլայ, կանչուած ենք միշտ փնտռելու արդարութիւնը, ողորմութիւնը , հաւատքը, Քրիստոսի պատկերին համաձայն''։

Ֆրանչիսկոս Պապը խօսեցաւ ապա Հովուապետերու դերին մասին, եւ այս առընչութեամբ ակնարկեց ինչքերու մատակարարումի թափանցիկութեան եւ որեւէ պահանջի կամ տկարութեան հանդէպ ուշադրութիւն դարձնելու կարեւորութեան։

Սրբազան քահանայապետը ճառը եզրափակեց ըսելով` ''Աստուծոյ եւ Տիրամօր օգնութեամբ գիտենք որ կրնանք համապատասխանել այս կոչին։ Խնդրեմ՝ աղօթեցէք ինծի համար''։







All the contents on this site are copyrighted ©.