2013-11-21 12:37:30

Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետի 21 նոյեմբերի գործունէութիւնը։ Հանդիպում Արեւելեան Կաթողիկէ Հովուապետերուն հետ, Փիլիպենցի Սուրբ Բետրօ Գալունկսոտի խճանկարի օրհնութիւն եւ այցելութիւն Սուրբ Անտոն Անապատականի մենաստանին։


Հինգշաբթի, 21 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 10-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի ''Գոնչիսդորօ'' սրահին մէջ հանդիպում ունեցաւ Արեւելեան Կաթողիկէ Եկեղեցիներու Պատրիարքներուն եւ Աւագ Եպիսկոպոսներուն հետ, որոնք Հռոմ ժամանած են, մասնակցելու համար Արեւելեան Եկեղեցիներու լիագումար ժողովին, որ տեղի կ՛ունենայ 19- 22 նոյեմբեր։
Սրբազան Հայրը ապա ժամը 12-ին, ''Գլեմենդինա'' սրահին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց վերոյիշեալ լիագումար ժողովին 55 մասնակիցներուն։ Իսկ յետմիջօրէի ժամը 4-ին, Վատիկանեան պազիլիքային մէջ, հանդիպում կ՛ունենայ Փիլիպեան համայնքի հասարակութեան հետ, ու այդ առթիւ կ՛օրհնէ Սուրբ Բետրօ Գալունկսոտի խճանկարը որ ապա պիտի զետեղուի Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայի Պօղոս Զ քահանայապետի դամբանին մօտ։ Յայտնենք որ Սուրբ Բետրօ Գալունկսոտի սրբադասման արարողութիւնը տեղի ունեցած էր 2012-ի հոկտեմբեր 21-ին, Հաւատոյ տարուայ առթիւ, Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետի օրով։Սուրբին խճանկարի օրհնութենէն ետք, Կարտինալ Լուիս Անթոնիօ Դակլէն, կը նախագահէ Սուրբ Պետրոսի մէջ մատուցուած, Փիլիպեան կղզեխումբը հարուածած մրրիկի պատճառած զոհերուն եւ Փիլիպենցի ժողովուրդի դիտաւորութեան, սուրբ պատարագի արարողութիւնը որուն կը մասնակցին նաեւ, որպէս զօրակցութեան ու մօտիկութեան նշան, Իտալիոյ զանազան քաղաքներէն ժամանած, 120 քահանաներ։
Ֆրաչիսկոս Պապը հուսկ ժամը 16,45-ին ինքնաշարժով կը մեկնի Վատիկանէն ու կ՛ուղղուի Հռոմի Աւենդինօ շրջանի մէջ գտնուող Գամալտոլիի միաբանութեան` Սուրբ Անտոն անապատականի մենաստանը, ուր տեղւոյն կրօնաւոր հասարակութեան հետ միասին կը մասնակցի ժամասացութեան արարողութեան ու ապա հակիրճ հանդիպում կ՛ունենայ մենաստանի մէջ ապրող նուիրեալ կոյսերուն հետ։ Սրբազան Քահանայապետի Վատիկան վերադարձը նախատեսուած է շուրջ ժամը 6-ին ։







All the contents on this site are copyrighted ©.