2013-11-21 09:27:23

Սուրիական քիմիական զէնքերը կրնան ոչնչացուիլ ծովուն մէջ


Աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ միջազգային վերահսկողութեան տակ գտնուող սուրիական քիմիական զէնքերը կրնան մշակուիլ եւ ոչնչացուիլ ծովուն մէջ:
Ալպանիա քանի մը օր առաջ մերժած էր այդ զէնքերը իր տարածքին մէջ ոչնչացնելու Միացեալ Նահանգներու խնդրանքը: Այդ մերժումէն ետք, արեւմուտքցի դիւանագէտներն ու Քիմիական զէնքի տարածման կանխարգիլման կազմակերպութեան ներկայացուցիչները սկսած էին զէնքերը ծովուն մէջ ոչնչացնելու տարբերակը քննարկել: Ներկայիս փորձագէտները հասած են այն եզրակացութեան, որ այդ տարբերակը թեքնիք առումով իրագործելի է, սակայն տակաւին յստակ որոշումներ չեն որդեգրուած:
Գոյութիւն ունի նաեւ այն կարծիքը, որ այդպիսի մեծ խնդիրի մը ծովուն մէջ լուծումը աննախադէպ է: Ներկայիս քիմիական զէնքը ծովուն մէջ ոչնչացնելու փորձառութիւն ունի Ճափոնը:
Ոչնչացման ենթակայ է 1.3 թոն թունաւոր նիւթ: Այդ գործողութիւնը պէտք է աւարտի 2014-ի կիսուն: Ռուսիան այդ նպատակին համար 2 միլիոն տոլար պիտի տրամադրէ:
Մինչ այդ, սուրիական կառավարութիւնը երեքշաբթի օր սուրիական ջուրերուն մէջ քարիւղի եւ բնական կազի պեղման համար համաձայնութիւն գոյացուցած է ռուսական «Սիուզ Նաֆթակազ» ընկերութեան հետ:
Ռուս դիւանագէտներ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Մոսկուա Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի ներկայութեան երկուշաբթի օր Ժընեւի մէջ նախատեսուած ռուս-ամերիկեան հանդիպումը «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովի վերջնական թուականի ճշդման համար «վճռորոշ» կը նկատէ` նշելով, որ «թուականը յառաջիկայ ամսուան շուրջ կէսին ըլլալուն շուրջ ռուս-ամերիկեան համաձայնութիւն» գոյութիւն ունի:
Դիւանագէտները կ՛աւելցնեն, որ թուականի ճշդումը նախ եւ առաջ կախեալ պիտի ըլլայ սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ Ահմետ Ժարպայի` յառաջիկայ շաբթուան վերջաւորութեան Մոսկուա նախատեսուած այցելութեան արդիւնքներէն, հակառակ անոր որ կարգ մը աղբիւրներ նշեցին, որ Ժարպա Մոսկուայի յայտնած է, որ պատուիրակութիւն մը պիտի ուղարկէ, որուն ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքին լոյսին տակ ինք կրնայ Մոսկուա այցելել:
Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռոպըրթ Ֆորտ լիբանանեան «Նահար» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ իր կառավարութիւնը կտրուկ կերպով կը մերժէ «Ժընեւ-2»-ին Իրանի մասնակցութիւնը` Սուրիոյ պատերազմին անոր, Հըզպալլայի եւ Իրաքէն զինեալ տարրերու ուղղակի մասնակցութեան պատճառով` աւելցնելով, որ «Իրան միշտ ալ «Ժընեւ-1»-ի պարունակութիւնը կը քննադատէր»:







All the contents on this site are copyrighted ©.