2013-11-21 09:27:34

Իրան իր հիւլէական իրաւունքներէն պիտի չհրաժարի, այլ զանոնք պիտի պաշտպանէ


Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի երէկ Ժընեւի մէջ իր երկրին եւ Վեցեակին միջեւ Թեհրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութիւններէն ժամեր առաջ մերժեց Իրանի «հիւլէական իրաւունքներէն» որեւէ զիջում կատարել:
Խամենէի յայտնեց, որ «Իրանի հիւլէական իրաւունքները ամրապնդելուն վրայ կը շեշտեմ»` վստահեցնելով, որ Թեհրան իր հիւլէական իրաւունքներէն բնաւ պիտի չզիջի:
Ան Պասիժ միլիսներու 50 հազար անդամներու առջեւ պատկերասփռուած իր ճառին մէջ յայտնեց, որ ինք պիտի չմիջամտէ Ժընեւի բանակցութիւններուն, թէեւ բանակցութեան մասնակից իրանեան պատուիրակութեան «կարմիր գիծեր» ճշդած է: «Բանակցութեանց մանրամասնութեանց չեմ միջամտեր, սակայն գոյութիւն ունին կարմիր գիծեր, զորս պատասխանատուները պէտք է յարգեն, առանց թշնամիներու աղմկարարութենէն վախնալու», ըսաւ ան:
Իրանեան պետական ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի երեքշաբթի օր Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնած է, որ Իրան վճռակամօրէն պիտի պաշտպանէ իր հիւլէական իրաւունքները եւ այս մարզին մէջ որեւէ խտրականութիւն կը մերժէ` աւելցնելով, որ «յարգալից լեզուն պէտք է փոխարինէ սպառնալիքն ու պատժամիջոցները»:
Ռուհանի նաեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Չինաստանի նախագահ Շի Ժինփինկի հետ` յայտնելով, որ Իրան «կ՛ուզէ համաձայնութիւն մը, որ իր իրաւունքները կը պահպանէ եւ ցոյց կու տայ, որ անոր հիւլէական ծրագիրը բացառապէս խաղաղ է»:
Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանի իր կարգին երէկ խորհրդարանին մէջ յայտնեց, որ Իրան վճռակամ է իր «հիւլէական իրաւունքները» ամբողջական կերպով պաշտպանելու:
Իրանի խորհրդարանը որդեգրեց յայտարարութիւն մը` նշելով, որ «Իրան կառչած կը մնայ բանակցութեան ընտրանքին` զայն նկատելով հիւլէական հարցի լուծման լաւագոյն ձեւը»: Խորհրդարանը շեշտեց, որ «իրանեան բանակցող խմբակը պէտք է Ժընեւի ժողովին ընթացքին հաստատ մնայ իրանցի ժողովուրդի հիւլէական բոլոր իրաւունքները ընդգծելու ընթացքին»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆ Ժընեւ մեկնելէ առաջ յայտնեց, որ «պիտի ջանանք համաձայնութեան հասնիլ, սակայն այդ մէկը կախեալ է Իրանի իրաւունքները յարգելու (Վեցեակի) պատրաստակամութենէն»:







All the contents on this site are copyrighted ©.