2013-11-21 11:49:01

Զրոյց Քսաներորդ – Գլուխ Ա. ­ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ ՀՕՐ ԱՍՏՈՒԾՈՅ (11)
Մարդկային արարածը (3)


Հարցում թիւ 64. Ինչու՞ Աստուած արու եւ էգ ստեղծեց մարդկային արարածը։
Աստուած` որովհետեւ սէր է եւ գաղափարական տիպարն է հաղորդակցութեան, ստեղծեց մարդկային արարածը որպէս մարդ եւ կին, որպէսզի անոնք, միասին` ըլլային պատկերը իր էութեան։
Աստուած մարդը արու եւ էգ ստեղծեց որպէսզի անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր ամբողջացումն ու լիութիւնը գտնէ իր մերձեցումովը երկրորդ սեռին պատկանող անձի մը։ Մարդիկ եւ կիները բացարձակապէս հաւասար են իրարու իրենց արժանապատւութեամբ, սակայն անոնք կը յայտնեն, ըստ զիրենք Ստեղծողի ծրագրին, որ իրենց տուաւ յատուկ ինքնութիւնը ըլլալու մարդ կամ կին, աստուածային կատարելութեան զանազան երեւոյթները։ Աստուած ոչ մարդ է եւ ոչ կին, սակայն ինքզինք յայտնած է թէ հայրական (Ղուկաս, 6,36) թէ մայրական (Եսայի, 66,13) երեւոյթներու ընդմէջէն։ Մարդուն եւ կնոջ սիրոյն մէջ, եւ յատկապէս ամուսնութեան միութենէն, ուր մարդ եւ կին կը դառնան մէկ մարմին (Ծննդոց, 2,24), կրնանք որոշ չափով երեւակայել թէ ինչ պիտի ըլլայ մեր երջանկութիւնը երբ իրականանայ Աստուծոյ հետ մեր միացումը, ուր մեզմէ իւրաքանչիւրը պիտի գտնէ իր վերջնական լիութիւնը։ Ինչպէս որ Աստուծոյ սէրը հաւատարիմ է, նոյնպէս ալ մարդկային սէրը կը ձգտի հաւատարիմ ըլլալու. Նաեւ Աստուծոյ սիրոյն պատկերին համաձայն` մարդկային սէրը ստեղծիչ է, որով նոր կեանքեր յառաջ կու գան ամուսնութենէն։

Հարցում թիւ 65. Ի՞նչ կարելի է ըսել այն անձերու մասին որոնք միասեռական հակումներ ոնին։
Եկեղեցին կ՛ընդունի թէ` ըստ մարդկային ստեղծագործութեան կարգաւորման, մարդը եւ կինը ստեղծուած են մէկը միւսին համար, այնպիսի յարաբերութեամբ մը որ կը ներառէ փոխադարձութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ կեանք տալ զաւակներու։ Ուստի Եկեղեցին չի կրնար վաւերացնել միասեռական յարաբերութիւնները։ Սակայն քրիստոնեաները հարկ է որ յարգանք եւ սէր ունենան ամէն մարդկային արարածի հանդէպ, անկախաբար անոր սեռային կռղմնորոշումէն, որովհետեւ Աստուած մեզ ամէնքս կը սիրէ եւ կը յարգէ մէզմէ իւրաքանչիւրը։
Չկայ մարդ մը աշխարհի վրայ որ պտուղը չըլլայ մօր մը եւ հօր մը միջեւ եղած յարաբերութեան։ Ուստի միասեռական հակում ունեցող կարգ մը անձերու համար, տխուր փորձառութիւն մըն է հակում չզգալ միւս սեռին հանդէպ եւ ստիպուած ըլլալ հրաժարելու ֆիզիքական բեղմնաւորումէ, որը յառաջ կու գայ յարաբերութենէ մը որ համաձայն է մարդկային բնութեան եւ աստուածային ստեղծագործութեան կարգաւորման։ Սակայն Աստուծոյ ուղիները յաճախ աննախատեսելի են. Պակասութիւն մը, կորուստ մը կամ վիրաւորանք մը, ընդունուած եւ ստանձնուած, կրնան դառնալ ոստումի պատճառ մը դէպի Աստուծոյ գիրկը, այն Աստուածը որ կ՛ազնուացնէ ամէն ինչ եւ կը յայտնէ ինքզինք առաւել եւս որպէս փրկիչ քան ստեղծիչ։

Հարցում թիւ 66. Չարչարանքն ու մահը մաս կը կազմե՞ն արդեօք Աստուծոյ ծրագրին։
Աստուած չ՛ուզեր որ մարդիկ տառապին եւ մեռնին։ Աստուած իրենց համար նախնական ծրագիր մը յղացած էր, եւ այն էր արքայութիւնը. անոնք պիտի ապրէին առ յաւէտ։ Խաղաղութիւն` ընդմէջ Աստուծոյ եւ մարդկային արարածներուն ու իրենց շրջապատին, խաղաղութիւն` մարդուն եւ կնոջ միջեւ։ Այս էր նախնական ծրագիրը։
Երբեմն կը զգանք թէ ինչպէս պէտք է ըլլայ կեանքը եւ թէ ինչպէս ըլլալու ենք մենք. Սակայն իրականութեան մէջ` մենք կ՛ապրինք պայքարելով մեր անձին դէմ, մեր վրայ կ՛իշխեն վախն ու անզուսպ կիրքերը, կորուսած ենք նախնական ներդաշնակութիւնը աշխարհի հետ եւ ի վերջոյ նաեւ Աստոծոյ հետ։ Սուրբ Գրքին մէջ, այս կորուստի փորձառութիւնը կ՛արտայայտուի ՙանկումի՚ պատմուածքով։ Ադամ եւ Եւա կ՛ապրէին ներդաշնակ կերպով իրար եւ Աստուծոյ հետ, դրախտին մէջ. որովհետեւ մեղքը մուտք գործեց հոն, անոնք ստիպուած եղան մեկնիլ դրախտէն։ Աշխատանքի դաժանութիւնը, չարչարանքը, մահը եւ փորձութիւնը մեղանչելու` նշաններն են դրախտի կորուստին։








All the contents on this site are copyrighted ©.