2013-11-21 11:50:53

Զրոյց Քսան­մէկերորդ – Գլուխ Ա. ­ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ ՀՕՐ ԱՍՏՈՒԾՈՅ (12)
Անկեալ մարդկութիւնը


Հարցում թիւ 67. Ի՞նչ է մեղքը։
Հիմնականին մէջ` մեղքը Աստուծոյ դրժումն է, որով կը մերժենք ընդունիլ իր սէրը։ Ան կը յատկանշուի Աստուծոյ պատուիրաններու արհամարհանքով։
Մեղքը միայն սխալ վարուելակերպ մը չէ, ոչ ալ պարզ հոգեբանական տկարութիւն մը։ Խորքին մէջ` ամէն դրժում կամ քանդում բարի բանի մը, գործնականին մէջ, դրժումն է բարիին եւ հակումը` չարին, որ է դրժում Աստուծոյ։ Իր ամենախորունկ եւ ամենէն ահաւոր չափաստիճանով` մեղքը բաժանում մըն է Աստուծմէ, կեանքի աղբիւրէն։ Ասոր համար է որ մահը տրամաբանական հետեւանքն է մեղքին։ Միայն Յիսուսի միջոցաւ է որ կ՛ըմբռնենք մեղքի անթափանցելի չափաստիճանը. Զօրակցութեան համար մարդոց հետ որոնք զԱստուած կը դրժեն մեղանչելով, Յիսուս չարչարուեցաւ, իր իսկ մարմնոյն մէջ կրելով հետեւանքները մեղքին։ Ստանձնեց ինքիր վրայ մեղքի մահացու զօրութիւնը, որպէսզի ան չհասնի մեզի. Այս բոլորը կ՛արտայայտէ ՙփրկութիւնՙ բառը։

Հարցում թիւ 68. Ի՞նչ է սկզբնական մեղքը. Ի՞նչ ձեւով մենք եւս Ադամի եւ Եւայի անկումին կ՛ենթարկուինք։
Բուն իմաստով` մեղքը սխալ մըն է որ կ՛ենթադրէ մի միայն անհատին պատասխանատւութիւնը։ Արդ ՙՍկզբնական մեղք՚ ասումով` չի հասկցուիր անհատական սխալ մը, այլ համայն մարդկութեան տխուր իրավիճակը, որուն մէջ կը գտնուի ամէն անհատ, նախ քան ազատ կամքով իր եւս մեղանչելը։
Բենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Պապը կ՛ըսէ. ՙԱդամի եւ Եւայի անկումին մէջ` մենք հասկնալու ենք թէ ամենքս մեր մէջը կը կրենք կաթիլ մը այն թոյնէն որուն մասին պատկերաւոր կերպով կ՛արտայայտուի Ծննդոց Գիրքը. Մարդը չի վստահիր Աստուծոյ, այլ` խաբուած օձի խօսքերէն, իր մէջը կասկած կ՛արթննայ թէ Աստուած մեր մրցակիցն է, որ մեր ազատութիւնը կը սահմանափակէ եւ թէ մենք լիովին մարդկային էակներ կը դառնանք մի միայն երբ զինք մէկդի դնենք։ Մարդը չ՛ուզեր Աստուծմէ ընդունիլ իր էութիւնը եւ կեանքի լիութիւնը… եւ այս վարմունքով` ան աւելի կը վստահի սուտին քան իրականութեան… այս պատճառաւ ալ` իր կեանքը կը թաւալի պարապութեան մէջ, մահուան մէջ (Բենետիկտոս ԺԶ., 8 դեկտեմբեր 2005)։

Հարցում թիւ 69. Սկզբնական մեղքի պատճառաւ` ստիպուած ենք մեղանչելու։
Ո՛չ. Սակայն մարդը խորապէս վիրաւորուած կը մնայ սկցբնական մեղքի պատճառաւ եւ հակում ունի մեղք գործելու։ Սակայն, Աստուծոյ օգնութեամբ, կարող է նաեւ բարիք գործել։
Ոչ մէկ պարագայի մէջ ստիպուած ենք մեղք գործելու. Սակայն, իրականին մէջ, մենք չենք դադրիր մեղանչելէ, որովհետեւ տկար ենք, տգէտ ենք եւ շատ դիւրաւ կ՛իյնանք փորձութեան մէջ։ Իսկ պարտադրութեան տակ գործուած մեղքը մեղք չի սեպուիր, որովհետեւ մեղքը կ՛ենթադրէ միշտ ազատ ընտրութիւն։

Հարցում թիւ 70. Ինչպէ՞ս Աստուած մեզմէ կը խլէ չարի հակումը։
Աստուած չի կրնար անտարբեր նայիլ մարդուն ինքիր անձին ինչպէս նաեւ իր շրջակայքի փճացումին, մեղքի շղթայազերծումին պատճառաւ։ Ան կ՛ուղարկէ Յիսուս­Քրիստոսը, Ազատարարն ու Փրկիչը, որ ազատէ մեզ մեղքի զօրութենէն։
ՙՈչ ոք կրնայ ինծի օգնել՚։ Մարդկային փորձառութենէն յառաջ եկած այս նախադասութիւնը այլեւս իրական չէ։ Հոն ուր մարդը թափառեցաւ մեղքի պատճառաւ, Հայրն Աստուած ուղարկեց իր Որդին։ Մեղքի հետեւանքը մահն է (Հռոմ. 6,23)։ Սակայն մեղքի հետեւանքն է նաեւ սքանչելի գործակցութիւնը Աստուծոյ մեր հետը. Ան կ՛ուղարկէ մեզի Յիսուսը որպէս բարեկամ եւ փրկիչ։ Այս պատճառաւ կարող ենք ըսել սկզբնական մեղքին համար թէ ան ՙերջանիկ յանցանք՚ մըն է. ՙԵրջանիկ էր յանցանքը որ մեզի արժեց այսպիսի Փրկիչ մը՚ (Սուրբ Զատկուայ ծիսակատարութիւն)։








All the contents on this site are copyrighted ©.