2013-11-21 11:52:34

Զրոյց Քսան­երկրորդ – Գլուխ Բ. ­ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ ՅԻՍՈԻՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄԻԱԾԻՆ ՈՐԴՒՈՅՆ (1)


Հարցում թիւ 71. Ի՞նչու գրութիւնները որ կը խօսին Յիսուսի մասին` կը կոչուին Աւետարան, որ կը նշանակէ բարի աւետիս։
Առանց աւետարաններուն, մենք տեղեակ պիտի չըլլայինք թէ Աստուած, իր անսահման սիրոյն շնորհիւ, մեզի պիտի ուղարկէր իր Որդին` որպէսզի, հակառակ մեր մեղքերուն, մենք վերադառնայինք յաւիտենական հաղորդակցութեան` իր հետ։
Յիսուսի կեանքին, մահուան եւ յարութեան մասին գրութիւնները կը կազմեն աշխարհի լաւագոյն աւետիսները. կը վկայեն անոնք թէ Նազովրեցի Յիսուսը, այդ հրեան որ ծնած է Բեթղեհէմի մէջ, Աստուծոյ կենդանի Որդին է, որ մարդացած է (Մատթէոս 16,16)։ Ան ուղարկուած է Հօրմէն, որպէսզի բոլոր մարդիկը կարենան փրկուիլ եւ հասնիլ ճշմարտութեան գիտութեան (Ա. Տիմոթէոս, 2,4)։

Հարցում թիւ 72. Ի՞նչ կը նշանակէ Յիսուս անունը։
Եբրայեցերէն լեզուով` Յիսուս կը նշանակէ ՙԱստուած կը փրկէ՚։
Գործք Առաքելոց­ին մէջ` Պետրոս Առաքեալ կ՛ըսէ. ՙՉկայ երկնքի տակ աւելի բարձր անուն մը (քան Քրիստոս անունը) տրուած մարդոց, որով մենք պիտի փրկուէինք՚ (Գործք, 4,12)։ Այս է էական մասը պատգամին զոր առաքեալները աւետեցին աշխարհին։

Հարցում թիւ 73. Ինչու՞ Յիսուս կը կոչուի Քրիստոս։
Հետեւեալ կարճ բանաձեւը` թէ Յիսուս Քրիստոս է, կ՛արտայայտէ քրիստոնէական հաւատքին բուն մասը. Յիսուս` Նազարէթի այն պարզ հիւսնի որդին, սպասուած Մեսիան ու Փրկիչն է։
Քրիստոս յունարէն բառ մըն է որ կը համապատասխանէ եբրայեցերէնի Մեսիա բառին, ինչ որ կը նշանակէ Օծեալ։ Իսրայէլի մէջ` թագաւորները, քահանաները եւ մարգարէները կը ստանային այս օծումը։ Առաքեալներուն համար, Յիսուս ստացաւ այս օծումը Սուրբ Հոգիէն (Գործք, 10,38)։ Քրիստոսի հետեւելով` մենք կը կոչուինք քրիստոնեայ. Այս անուանումը կ՛արտայայտէ մեր սրբազան կոչումը։

Հարցում թիւ 74. Ի՞նչ կը նշանակէ Յիսուս ՙԱստուծոյ Միածին Որդին է՚։
Երբ Յիսուս ինքզինք կը ներկայացնէ որպէս ՙԱստուծոյ Միածին Որդին՚ (Միածին Որդի, կամ յատուկ կերպով ծնած Որդի, տես Յովհաննէս 3,16), երբ Պետրոս առաքեալ եւ ուրիշներ զինք այսպէս կը կոչեն, կը նշանակէ թէ` բոլոր մարդոց մէջէն, Յիսուս միակն է որ մարդէն աւելի բարձր էութիւն մըն է։
Նոր Կտակարանի բազմաթիւ գրութիւններու մէջ` (Յովհաննէս, 14,18 ­ Ա. Յովհաննու, 4,9 ­ Եբրայեցւոց, 11,7 ­ եւայլն…) Յիսուս կը կ՛անուանուի Որդի։ Յիսուսի մկրտութեան եւ այլակերպութեան ընթացքին, երկնքէն եկած ձայնը կը կոչէ Յիսուսը Սիրեցեալ Որդի։ Յիսուս կը յայտնէ իր աշակերտներուն իր իւրայատուկ յարաբերութիւնը երկնաւոր Հօր հետ, ըսելով. ՙԱմէն ինչ ինծի յանձնուեցաւ Հօրմէս եւ ոչ ոք կը ճանչնայ Որդին եթէ ոչ` Հայրը, ինչպէս որ ոչ ոք կը ճանչնայ Հայրը եթէ ոչ` Որդին, եւ այն որուն որդին հաճի յայտնել (Յովհաննէս, 20,28)։ Եթէ Յիսուս իսկապէս Տէր է, ուրեմն քրիստոնեան պէտք չէ ծունկի գայ ուրիշ որեւէ իշխանութեան առջեւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.