2013-11-21 11:32:42

Զրոյց Տասն­վեցերորդ – Գլուխ Ա. ­ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ ՀՕՐ ԱՍՏՈՒԾՈՅ (7)
Աստուածային Նախախնամութիւնը


Հարցում թիւ 49. Ճիշ՞դ է որ Աստուած կը կառավարէ աշխարհը, ինչպէս նաեւ իմ կեանքս։
Այո՛, ճիշդ է, սակայն խորհրդաւոր կերպով. Աստուած կ՛ուղղէ ամէն ինչ դէպի իրենց կատարումը, սակայն միայն իրմէ ճանչցուած ճանապարհներով. Որեւէ ատեն Ան թոյլ չի տար որ իր ձեռքերէն վրիպի այն ինչ որ ստեղծած է։
Աստուած իր ազդեցութիւնը կը գործէ նոյնպէս պատմութեան մեծ դէպքերու վրայ, ինչպէս նաեւ մեր անձնական կեանքի փոքր դէպքերու վրայ, առանց սակայն սահմանափակելու մեր ազատութիւնը, որպէս թէ խամաճիկներ ըլլայինք իր յաւիտենական ծրագիրներուն մէջ։ Աստուծոյ մէջ` մենք ունինք կեանք, շարժում եւ գոյութիւն (Գործք Առաքելոց 17,28)։ Աստուած ներկայ է մեր կեանքի բոլոր իրադարձութիւններուն մէջ, նոյնիսկ ցաւալի դէպքերու կամ թէ ճակատագրի երեւութապէս անիմաստ հարուածներուն մէջ։ Աստուած կ՛ուզէ նաեւ գրել ուղիղ մեր կեանքի դարձուած գիծերուն մէջ։ Ինչ որ մեզմէ կը վերցնէ եւ այն ինչ որ մեզի կը նուիրէ, այն որով մեզ կը զօրացնէ եւ այն որով մեզ կը փորձէ, այս բոլորը Նախախնամութեան արդիւնքներ են եւ իր կամքի նշաններ։



Զրոյց Տասն­վեցերորդ – Գլուխ Ա. ­ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ ՀՕՐ ԱՍՏՈՒԾՈՅ (7)
Աստուածային Նախախնամութիւնը

Հարցում թիւ 50. Ո՞րն է մարդուն տեղը աստուածային Նախախնամութեան մէջ։
Աստուածային Նախախնամութիւնը չի կատարելագործեր ստեղծագործութիւնը անկախաբար մեզմէ. Ան մեզ կը հրաւիրէ գործակցելու ստեղծագործութեան աւարտումի գործընթացով։
Մարդը կրնայ մերժել Աստուծոյ կամքը, սակայն իրեն համար աւելի լաւ է ըլլալ Աստուծոյ սիրոյ գործիքը։ Մայր Թերեզա կ՛ըսէր. ՙԵս ուրիշ բան չեմ եթէ ոչ փոքրիկ մատիտ մը Տիրոջ ձեռքին մէջ. Կարող է տաշել կամ սրցնել մատիտը, կարող է միշտ գրել կամ գծել այն ինչ որ կ՛ուզէ եւ հոն ուր կ՛ուզէ։ Երբ գրուածքը կամ գծագրութիւնը լաւ են, անոր արժանիքը չենք ընծայեր մատիտին կամ օգտագործուած ատաղձին, այլ անոր որ զայն գործածեց։ՙ Նոյնիսկ եթէ Աստուած կը գործէ մեզի հետ եւ մեր միջոցաւ, սակայն երբեք շփոթելու չենք մեր ինքնուրոյն մտածմունքը, մեր ծրագիրներն ու գործընթացը, Աստուծոյ գործունէութեան հետ։ Աստուած պէտք չունի մեր աշխատանքին, որպէս թէ իրեն բան մը պիտի պակսէր եթէ մենք այդ գործը չընէինք։



Զրոյց Տասն­վեցերորդ – Գլուխ Ա. ­ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ ՀՕՐ ԱՍՏՈՒԾՈՅ (7)
Աստուածային Նախախնամութիւնը

Հարցում թիւ 51. Եթէ Աստուած գիտէ ամէն ինչ եւ կարող է ամէն ինչի, ինչու՞ ուրեմն արգելք չ՛ըլլար չարի իրագործման։
ՙԱստուած կը թոյլատրէ չարը միայն որպէսզի անկէ յառաջ գայ աւելի լաւ բան մըՙ, կ՛ըսէ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի։
Չարիքը որ կայ աշխարհի մէջ` մթին ու ցաւալի խորհուրդ մըն է։ Խաչեալն ինքնին աղաչեց Հօրը. ՙՏէր իմ, ինչու՞ լքեցիր զիսՙ (Մատթէոս 27,46)։ Այս մարզէն ներս, շատ մը բաներ անհասկնալի կը մնան. Սակայն մէկ բան գիտենք յստակօրէն. Աստուած հարիւր առ հարիւր բարի է, երբեք չի կրնար ըլլալ հեղինակը չար բանի մը։ Աստուած ստեղծած է բարի աշխարհ մը, որ սակայն անաւարտ կը մնայ. Բուռն վերիվայրումներով եւ ցաւալի գործընթացներով` աշխարհը կը յառաջանայ դէպի իր կատարումը։ Հարկ է աւելի լաւ զանազանել այն ինչ որ Եկեղեցին կը կոչէ ֆիզիքական չարիքը, ինչպէս զոր օրինակ բնածին թերութիւն մը, կամ բնական աղէտ մը, բարոյական չարիքէն, որ յառաջ կու գայ ազատութեան վատ օգտագործումէն աշխարհի մէջ։ Դժոխքը երկրի վրայ ­ երեխայ զինուորներ, ինքնասպան մահափորձեր, կեդրոնացեալ բանտեր ­ մասնաւորապէս մարդուն գործն է։ Ուստի վճռական հարցումը չի կայանար ըսելու մէջ թէ` Ինչպէ՞ս կրնանք հաւատալ բարի Աստուծոյ մը, երբ այնքան չարիք կայ մեր շուրջ. Այլ թէ` Ինչպէ՞ս մարդկային անձ մը, օժտուած սրտով եւ խելքով, կրնայ համակերպիլ ապրելու այսպիսի աշխարհի մը մէջ, եթէ Աստուած գոյութիւն չունենայ։ Քրիստոսի մահն ու յարութիւնը մեզի ցոյց կու տան թէ մահը առաջին խօսքը չունի եւ ոչ ալ վերջին խօսքը պիտի ունենայ. Ամենավատէն` Աստուած կրնայ յարուցանել բացարձակ լաւը։ Մենք կը հաւատանք թէ վերջին Դատաստանի օրը` Աստուած ամէն անարդարութեան վերջ պիտի դնէ։ Գալիք աշխարհի կեանքին մէջ` չարը տեղ պիտի չունենայ եւ տառապանքը վերջ պիտի գտնէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.