2013-11-21 11:39:59

Զրոյց Տասն­եօթերորդ – Գլուխ Ա. ­ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ ՀՕՐ ԱՍՏՈՒԾՈՅ (8)
Երկինքը եւ երկնաւոր արարածները


Հարցում թիւ 52. Ի՞նչ է երկինքը։
Երկինքը վայր մըն է, յատուկ Աստուծոյ, բնակավայրը հրեշտակներուն եւ սուրբերուն եւ նպատակակէտը բոլոր ստեղծագործութեան։ ՙԵրկինք եւ երկիրՙ ասումով` կը բնորոշենք համայն ստեղծագործութիւնը։
Երկինքը տիեզերքի մէջ գտնուող բնորոշուած տեղ մը չէ, այլ վիճակ մըն է անդենականին մէջ. Երկինքը այն վայրն է ուր Աստուած իր կամքը կ՛իրագործէ առանց ընդդիմութեան։ Երկինք գոյութիւն ունի հոն ուր կեանքը ամենէն կենսունակ ու ամէնէն երջանիկն է, կեանք մը որ գոյութիւն չունի երկրի վրայ։ Երբ, Աստուծոյ օգնութեամբ, երկինք հասնինք, հոն մեզի կը սպասէ ՙԻնչ որ աչքը չէ տեսած, ինչ որ ականջը չէ լսած եւ ինչ որ մարդուն մտքէն բնաւ չէ անցած, այն ամէն ինչ զոր Աստուած պատրաստած է անոնց համար որոնք զինք կը սիրեն։՚ (Ա. Կոր. 2,9)։

Հարցում թիւ 53. Ի՞նչ է դժոխքը։
ՙԴժոխք՚ բառով` մեր հաւատքը կ՛ըմբռնէ Աստուծմէ բաժանումի վերջնական վիճակը։ Երբ անձ մը յստակօրէն գիտէ թէ սիրոյ իրագործումը Աստուծոյ հետ դէմ յանդիման ըլլալու մէջն է , եւ հակառակ ասոր` կը մերժէ զայն, կ՛ընտրէ սոյն վիճակը։
Յիսուս, որ կը ճանչնայ դժոխքը, կը խօսի անոր մասին որպէս արտաքին խաւարի (Մատթ. 8,12)։ Մեր արդիական ըմբռնողութեան համաձայն` աւելի ճիշդ պիտի ըլլար խօսիլ պաղ քան թէ տաք դժոխքի մը մասին։ Արդարեւ, դողդողացումով կը յայտնենք ամբողջական թմրութեան վիճակ մը եւ լրիւ յուսախափութիւն մը այն ամէն բանէ որ կրնայ բերել օգնութիւն, թեթեւացում, ուրախութիւն եւ մխիթարանք` կեանքին մէջ։



Զրոյց Տասն­եօթերորդ – Գլուխ Ա. ­ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ ՀՕՐ ԱՍՏՈՒԾՈՅ (8)
Երկինքը եւ երկնաւոր արարածները

Հարցում թիւ 54. Ի՞նչ են հրեշտակները։
Հրեշտակները Աստուծոյ լոկ հոգեւոր արարածներն են, որոնք ունին խելք եւ կամք։ Մարմնաւոր արարծներ չեն, անմահ են եւ ընդհանրապէս տեսանելի չեն։ Ապրելով միշտ Աստուծոյ ներկայութեան, անոնք կը հաղորդեն մարդոց Աստուծոյ կամքը եւ անոր պաշտպանութիւնը։
Կարդինալ Ժոզէֆ Ռացինկեր կը գրէր. ՙՀրեշտակը կը նմանի Աստուծոյ անձնական մտածումին ինծի հանդէպ՚։ Հրեշտակները միշտ ամբողջովին ուղղուած են դէպի զիրենք Ստեղծողը։ Սիրով կ՛այրին իրեն համար եւ իրեն կը ծառայեն գիշեր ցորեկ։ Սուրբ Գրքին մէջ, անկեալ հրեշտակները կը կոչուին սատանաներ։

Հարցում թիւ 55. Կարելի՞ է յարաբերութեան մէջ մտնել հրեշտակներու հետ։
Այո. Կարելի է զանոնք օգնութեան կանչել եւ խնդրել իրենց բարեխօսութիւնը մեզի համար, Աստուծոյ առջեւ։
Աստուած պահապան հրեշտակ մը տուած է իւրաքանչիւր մարդկային արարածի։ Լաւ է եւ ողջամիտ աղօթել պահապան հրեշտակին, ինքիրեն եւ ուրիշներու համար ալ։ Հրեշտակները կրնան նաեւ իրենց ներկայութիւնը զգալի դարձնել` իրենք իրենցմէ, քրիստոնեայի մը կեանքին մէջ, զոր օրինակ` իրենց օգնութիւն մատուցանելով եւ կամ պատգամ մը հաղորդելով։ Իսկ հաւատքի հետ բնաւ կապ չունին հոգեխօսական շահատակութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.