Արհիապատիւ Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանի՝ Հաւատք եւ աւետարանացում հովուական թուղթը՝՝։
Քրիստոս հրեաներէն կը պահանջէր Հաւատք եւ վկայութիւն, ինչ որ անոնք կը մերժէին կատարել:
Արդ, այսօր մենք նոյնը չե՞նք մերժեր, ինչպէս անցեալին հրեաները մերժեցին Աստուծոյ մեզի
տուած շնորհքը: Անցեալին, Հրեաները իմանալով հանդերձ Հնգամատեանէն, օրէնքներէն եւ մարգարէներէն,
Մեսիայի ճշմարիտ աստուածութիւնը , զինք մերժեցին: Այսօր մենք եւս, իմանալով հանդերձ Հին
եւ Նոր Կտակարաններէն, Յիսուսի ամբողջական փրկչագործական իրականութիւնը, կը շարունակենք
զինք մերժել մեր առօրեայ մեղքերով: Հրեաները գիտէին, որ Մեսիան պիտի գար: Օրէնքներն
ու մարգարէները խօսած էին անոր գալուստի մասին, զգուշացուցած եւ պատրաստած էին ընտրեալ
ժողովուրդը, այս պահի իրականութեան, եւ սակայն անոնք նախընտրեցին խաւարը: Շարունակեցին
ընդդիմանալ, մերժել Աստուծոյ պատրաստած փրկչագործական ծրագիրը: Յիրաւի անհասկնալի
է հրեաներու ընդդիմացող հոգեբանութիւնը Մեսիայի հանդէպ, որ եկած էր զիրենք փրկելու սատանայի
նենգութիւններէն:Նոյնը մենք այսօր, ի՜նչ համարձակութեամբ շարունակաբար կը մերժենք մեզի
ձրիաբար տրուած աստուածային շնորհքները: Հրեաները անցեալին, գիտակից էին իրենց յատուկ
կոչումին, որպէս ընտրեալ ժողովուրդ աշխատելու աստուածային փրկչագործական ծրագիրին իրականացումին:
Այսօրուան կոչուած քրիստոնեաներս, նոյնպէս կ’ուզենք ընդունուիլ որպէս քրիստոնեայ սակայն
մեր կեանքը չի համապատասխաներ սոյն կոչումին:
Փրկիչը, եկաւ եւ ինքզինքը յայտնեց
գործած հրաշքներով: Հրեաները լսեցին անոր քարոզները, վայելեցին իր կատարած բուժումները,
կերան անոր հրաշագործ տուած հացը, տեսան Ղազարու յարութիւնը, բայց մնացին կուրցած, կարծրացած
իրենց մեղքին մէջ «Եթէ կոյր էիք ձեր մեղքը չէ…. » ( ): Անոնք կոյր չէին բայց կոյր մնացին
մինչեւ Քրիստոսի խաչելութիւնը, երբ Փարիսեցիներն ու դպիրները բրտօրէն կը գոռային ըսելով
եթէ դու ես Աստուծոյ Որդին իջիր խաչի վրայէն: Այսօր մենք ենք այն ընտրեալ ժողովուրդը,
որ կ’ընդդիմանայ Քրիստոսի, ու հարց տանք մենք մեզի. Որքանո՞վ կը տարբերինք անցեալի ընտրեալ
ժողովուրդէն: Մենք որ վայելեցինք ու կը վայելենք ամէն օր Քրիստոսի հրաշքներն ու բարիքները
մեր կեանքէն ներս: Մենք որ փրկուեցանք Քրիստոսի Ս. Արիւնով, չե՞նք բացականչեր արդեօք,
անցեալի ընտրեալ ժողովուրդին նման թէ «ի՞նչ նշան կու տաս մեզի որ հաւատանք թէ Դու ես
Աստուծոյ Որդին»: Քրիստոս Հաւատք եւ վկայութիւն խնդրեց եւ այսօր կը խնդրէ: Եթէ Հաւատքը
չգործադրենք, կը մնանք սնանկացած: Յակովբ առաքեալը կ’ըսէր. Ի՞նչ կ’արժէ հաւատալ եթէ զայն
չգործադրենք: Սատանաներն ալ աստուծոյ կը հաւատան եւ կը սոսկան: Հաւատքը առանց գործի մեռած
է: Աբրահամը իր գործով արդարացաւ կ’ըսէ Յակոբ առաքեալը:
Արդ, Քրիստոս՝ մեր փրկութեան
Ուխտը, լրումն է օրէնքի եւ մարգարէներուն: Իրեն հաւատացողները, մեսիանական ժողովուրդն
է, ընտրեալ եւ փրկուած ժողովուրդն է Քրիստոսի: Ան է գլուխը, որ «մեռաւ մեր մեղքերու քաւութեան
եւ Յարեաւ մեր արդարութեան» համար» (Հռոմ.4, 25): Ինքն է լրումը մարգարէներու եւ իրմով
կը սկսի նոր Կտակարանը հիմնուած ոչ օրէնքի վրայ այլ սիրոյ եւ շնորհքի: Քրիստոս, իր աստուածութիւնը
հաստատելու համար, մինչեւ վերջին պահը փորձեց բոլորին հաւաքել եւ բացատրել աստուածային
ճշմարտութիւնը, իր աշակերտներուն անգամ հարցուց թէ «մարդիկ ո՞վ կը կարծեն, թէ ըլլայ մարդու
Որդին»(Մատթ.16,13-19) եւ աշակերտները թուեցին զանազան մարդոց տարբեր կարծիքները իր մասին,
ու երբ պատասխանը լսեց, հարցումը իրենց ուղղելով ըսաւ «իսկ դուք, ո՞վ կը կարծէք որ ըլլամ»
(Մատթ.16,13-19): Այսօր այս հարցումը մեզի կ’ուղղուի ո՞վ է Քրիստոս մեզի համար, մարգարէ՞
մը բարի, մարդկային պատմութեան հանճարեղ գիտնակա՞ն մը, թէ զանազան կրօնական հոսանքներու
նման աշխարհ եկած վարդապետութեան մը Ռահվիրայ: Ո՞վ կը կարծէք ըլլայ Քրիստոս մեզի համար:
Կարո՞ղ ենք Արդեօք Պետրոս առաքեալի նման ըսել «Դու ես Քրիստոսը՝ կենդանի Աստուծոյ Որդին»(Մադթ.16,13-19)
եւ մենք որո՞ւ երթանք: