2013-11-20 08:14:11

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 19 նոյեմբերի թուիթներն ու հեռագիրը ի լուր Սարտէնիան հարուածած փոթորիկի պատճառած ողբերգութեան։


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 19 նոյեմբերի թուիթներն ու հեռագիրը ի լուր Սարտէնիան հարուածած փոթորիկի պատճառած ողբերգութեան։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին թուիթերեան կայքին վրայ 19 նոյեմբերին հրատարակուեցան հետեւեալ թուիթները.`

Առաջինը` ''Սուրբերը գերմարդկային չեն ։Անձեր են որ իրենց սրտերուն մէջ կը կրեն Աստուծոյ սէրը եւ այս ուրախութիւնը կը փոխանցեն ուրիշներուն''։

Իսկ երկրորդ թութին մէջ Նորին Սրբութիւնը իր ցաւը կը յայտնէ ի տես Իտալիոյ Սարտէնիա կղզին հարուածած փոթորիկին պպատճառած ծանր վնասներուն եւ զոհերուն։

''Խորապէս յուզուած ի լուր ահռելի ողբերգութեան որ Սարտէնիան հարուածեց, բոլորէն կը խնդրեմ որ աղօթեն զոհերուն համար, յատկապէս մանուկներուն համար''։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ապա Վատիկանի Պետական Քարտուղարին ստրագրութիւնը կրող հեռագիրով, ուղղուած Սարտէնիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահին`
Գերապայծառ Արրիկօ Միլիոյի, իր մօտիկութիւնն ու քաջալերանքը յայտնեց Սարտէնիայի փոթորիկի թիրախ դարձած բնակչութեան, ու վստահեցուց իր աղօթքները բոլոր անոնց որ իրենց կեանքը կորսնցուցին։
Հեռագիրին մէջ Սրբազան Քահանայապետը մաղթանք յայտնեց նաեւ որ զօրակցութեան հոգին չի պակսի եւ այս դժուար կացութիւնը դիմագրաւելու համար պէտք եղած օգնութիւնները հասնին։ Ան ապա բոլորին փոխանցեց իր Հայրական օրհնութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.