2013-11-20 10:39:14

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը` ''Կը հաւատամ մեղքերու թողութեան''։


Չորեքշաբթի, 20 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 10,20-ին, Ֆրանչիսկոս Պապը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր իտալացի եւ օտարազգի ուխտաւորներուն։
Անոնց արտասանած իր ճառին մէջ, շարունակելով հաւատամքի մասին իր խորհրդածութիւնները, Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ`
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,
անցեալ չորեքշաբթի խօսեցայ մեղքերու թողութեան մասին, յատկապէս անդրադառնալով Մկրտութեան խորհուրդին։ Այսօր կը շարունակենք խորհրդածել մեղքերու թողութեան մասին, սակայն ակնարկելով ''բանալիներու իշխանութեան'' որ կը յատկանշէ Յիսուսին առաքեալներուն տուած առաքելութիւնը։
Նախ եւ առաջ պէտք է յիշենք թէ մեղքերու թողութեան դերակատարը Սուրբ Հոգին է - յարեց Սրբազան Պապը։ Յարուցեալ Յիսուսը շունչը փչելով աշակերտներուն վրայ ըսաւ` ''Ընդունեցէք Սուրբ Հոգին. Անոնց որոնց մեղքերը ներէք, պիտի ներուին, իսկ անոնց որոնց մեղքերը կապէք` պիտի կապուին''։
Յարուցեալ եւ այլակերպուած Յիսուսը`Նոր Մարդն է, որ իր մահուան եւ Յարութեան զատկական պարգեւները կը նուիրէ` խաղաղութիւնը, ուրախութիւնը, մեղքերու թողութիւնը, առաքելութիւնը ու յատկապէս Ան կը շնորհէ Սուրբ Հոգին որ ամէն այս բաներուն ակնաղբիւրն է։
Յիսուս իր աշակերտներուն տուաւ իշխանութիւնը ներելու մեղքերը, որ Աստուածաշունչին մէջ նշուած է որպէս ''բանալիներու իշխանութիւն''։ Այս կը նշանակէ թէ մենք մեղքերու թողութիւնը կը ստանանք Եկեղեցւոյ մէջ, որ մեզի կ՛ընկերանայ ապաշխարութեան ճանապարհորդութեան ընթացքին։Եկեղեցին ''բանալիներու'' տէրը չէ այլ ողորմութեան խորհուրդին կը ծառայէ եւ կը խնդակցի, ամէն անգամ որ այս Աստուածային պարգեւը կարենայ փոխանցել։ Այս ներումը որ Եկեղեցիէն կու գայ - ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը - մեզի կը շնորհուի, մեզի նման մարդու մը, եղբօր մը` Քահանայի մը միջոցաւ, որ մեզի կու տայ Հօր անսահման սէրը եւ յանուն Եկեղեցւոյ մեղքերու թողութիւնը։
Սիրելի եղբայրներ - ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը խօսքը եզրափակելով - որպէս Եկեղեցւոյ անդամներ, գիտակից ըլլանք թէ այդ պարգեւը Աստուծմէ շնորհուած է մեզի, մեզի խրախուսելու ու մեզի օգնելու որպէսզի վերականգնինք ու շարունակենք մեր ճանապարհը։
Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած ուխտաւորները ու ապա յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն, վերյիշեցնելով թէ նոյեմբեր ամիսը նուիրուած է ննջեցեալներուն։ Չի մոռնանք մեր սիրելիները - ըսաւ Սրբազան հայրը - մեր բարերարները եւ բոլոր անոնք որ մեզմէ առաջ քալեցին հաւատքի մէջ։
Ան ապա յատուկէն յիշեց Սարտէնիյաի ջրհեղեղի զոհերը ու հրաւիրեց աղօթել անոնց ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն համար ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց համար որ վնասներ կրեցին։








All the contents on this site are copyrighted ©.