2013-11-20 09:41:18

Նախագահներ Սարգսեան եւ Ալիեւ հանդիպում ունեցան Վիեննայի մէջ


Երեքշաբթի, 19 նոյեմբերին, Վիեննայի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը, որ լրագրողներուն համար փակ էր:
Լրագրողներուն միայն թոյլ տուին ներս մտնել այն սենեակը, ուր Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահները կանգնեցան կողք-կողքի եւ նկարուեցան: Անոնք կը զրուցէին, բայց ձեռքսեղմում չկատարուեցաւ:
Մօտ երկու ժամ տեւած բանակցութիւններէն ետք նախագահ Սերժ Սարգսեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին «բնականոն» գնահատեց այդ բանակցութիւնները:
Նախագահներու այս հանդիպումը շատ կարեւոր էր այն առումով, որ շուրջ երկու տարի անոնք չէին հանդիպած, եւ ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթը ըստ էութեան մտած էր փակուղի, ուրկէ կը թուէր, թէ այլեւս ելք չկայ: Բաւական լարուած իրավիճակ ստեղծուած է նաեւ սահմանին վրայ, ուր հակառակորդի կրակոցները սովորական երեւոյթ դարձած են, իսկ վերջերս ալ զինուորները մարտական հերթապահութեան տեղափոխող զինուորական ինքնաշարժներու շարասիւնին վրայ բացուած կրակային իբրեւ հետեւանք զոհուած էր 19-ամեայ ժամկէտային զինուոր մը, հրազէնային տարբեր աստիճանի վնասներ ստացած էին անոր հասակակից երեք ժամկէտային զինուորներ:
Նախանցեալ երեկոյեան նախագահ Սերժ Սարգսեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած էր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի հետ: Նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդեց, որ երկու կողմերն ալ համաձայնած են, որ տագնապին խաղաղ լուծումը այլընտրանք չունի: Ամերիկեան կողմը յորդորած էր հայկական կողմին լուծումներ գտնել:
Նոյեմբերին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա նամակ ուղարկած էր Իլհամ Ալիեւին` յորդորելով անոր չփախցնել պատմական առիթը եւ օգտագործել նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ հանդիպումը` տագնապի լուծման համար: Ռուսական կողմը եւս կը յորդորէ Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին նստիլ բանակցային սեղանի շուրջ:







All the contents on this site are copyrighted ©.