2013-11-20 09:30:16

Զոյգ անձնասպանական գործողութիւններ թիրախ կը դարձնեն Իրանեան դեսպանատունը


Հինգշաբթի 19 նոյյեմբեր, առաւօտեան ժամը 9:40-ին, Պէյրութի իրանեան դեսպանատան մօտ արձանագրուած երկու պայթումներ խախտեցին Լիբանանի վայելած ապահովական անդորրը` պատճառելով 24 զոհեր եւ վիրաւորելով 147 ուրիշներ:
Քիչ անց պարզուեցաւ, որ պայթումները հետեւանք են զոյգ անձնասպանական գործողութիւններու, որոնք կը կրեն Քայիտայի մատնահետքը:
Պայթումներուն պատճառած զոհերուն շարքին էին իրանեան դեսպանատան մշակութային խորհրդատու շէյխ Իպրահիմ Անսարի եւ դեսպանատան վեց պահակները, որոնցմէ երկուքը լիբանանցիներ էին:
Պայթումները հետեւանք էին իրերայաջորդ երկու անձնասպանական գործողութիւններու, որոնք գործուած են միայն 40 երկվայրկեանի տարբերութեամբ:
Առաջին անձնասպանական գործողութեան հեղինակը մօտեցած էր դեսպանատան կառատան մուտքը պայթեցնելու նպատակով, որպէսզի առիթ տար երկրորդ անձնասպանական գործողութեան հեղինակին, որ ականուած ինքնաշարժով մուտք պիտի գործէր դեսպանատուն` հոն գործելու համար երկրորդ պայթումը:
Սակայն դեսպանատան պահակները կրակ բացին առաջին գործողութեան հեղինակին վրայ, որ թէեւ կատարեց անձնասպանական գործողութիւնը, բայց չկրցաւ քանդել նոյնիսկ կառատան դարպասը, իսկ երկրորդին պարագային` ըմպելի ջուրեր փոխադրող բեռնակառք մը, որուն վարորդը ճամբուն մէջտեղ թողած էր զայն եւ ուղղուած հետեւելու դեսպանատան կառատան մուտքի իրարանցումին, ինքնաբերաբար արգիլած էր ականուած ինքնաշարժը` դեսպանատան մօտենալէ, ինչ որ պատճառ դարձած էր, որ զայն վարող անձնասպանական գործողութեան հեղինակը դեսպանատունէն քիչ անդին կատարէր գործողութիւնը` պատճառելով մարդկային եւ նիւթական հսկայական վնասներ:
Զոյգ անձնասպանական գործողութիւններուն պատասխանատուութիւնը ստանձնեց Քայիտայի «Ապտալլա Ազզամ» փաղանգը, որուն անունով Սրաժէտտին Զրէյքաթ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ նման յարձակումներ պիտի շարունակուին, մինչեւ որ Հըզպալլայի մարտիկները Սուրիայէն նահանջեն եւ լիբանանեան բանտերուն մէջ գտնուող իրենց անդամները ազատ արձակուին:







All the contents on this site are copyrighted ©.