2013-11-19 09:52:12

Պէյրութի Իրանեան դեսպանատան առջեւ երկու պայթում. կան զոհեր եւ վիրաւորներ


Պէյրութի իրանեան դեսպանատան մօտ արձանագրուած են ինքնաշարժի երկու պայթումներ: Նախնական տուեալներով, ականուած ինքնաշարժներուն պայթումէն զոհուած են աւելի քան 10 անձեր, որոնց մէջ են հոգեւորականներ եւ դեսպանատան պահակները։ Վիրաւորներու թիւը առ այժմ յստակ չէ:
Պայթումին պատճառով հրկիզուած են մեծ թիւով ինքնաշարժներ։ Նախնական տուեալներուն համաձայն՝ պայթումը պատճառող ականը կը կշռէր աւելի քան 100 քիլոկրամ պայթուցիկ նիւթ։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ամլայատին» հեռուստաընկերութիւնը::







All the contents on this site are copyrighted ©.